«ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԹՈՒՐՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ, ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՄԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՅԱՐԳԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ

Նախագահ Սարքոզի

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց յարգելու ֆրանսական կողմին համոզումները:

«Ես յարգանքով կը վերաբերիմ մեր թուրք ընկերներուն: Թուրքիա շատ մեծ երկիր է եւ շատ մեծ մշակոյթ ունի: Սակայն, անոնք եւս պէտք է յարգանքով վերաբերին մեր դիրքորոշումին», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտարարեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնները չափազանցուած են: Նշենք, որ Էրտողան երէկ Ֆրանսան ամբաստանեց Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ «եթէ Սարքոզի այդ մասին չի գիտեր, թող Ալճերիոյ մէջ ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած իր հօր հարցնէ»:

Share this Article
CATEGORIES