ԵԱՅԱ ԹՈՒՐԷ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՓՐԻԿԷԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԸ
Մանչեսթըր Սիթիի եւ Փղոսկրեայ ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Եայա Թուրէ երէկ ընտրուեցաւ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` գերազանցելով ղանացի Անտրէ Տետէ Այուն եւ մալիցի Սէյտու Քէյթան, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Այսպիսով, Թուրէ երկու անգամ այս տիտղոսին տիրացած Տիտիէ Տրոկպայէն ետք հանդիսացաւ երկրորդ փղոսկրեայ ափունքցին, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Նշենք, որ Թուրէ 2010-ի Մոնտիալէն ետք իր ակումբը` Պարսելոնան լքելով միացած էր Մանչեսթըր Սիթիի:
CATEGORIES Մարզական