50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԲԵԹՂԵՀԵՄԻ ՄԷՋ, ՀԱԿԱՌԱԿ ՍԱՍՏԻԿ ՑՈՒՐՏԻՆ
20,000 ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ
Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Համայն աշխարհէն հազարաւոր ուխտաւորներ եւ զբօսաշրջիկներ Բեթղեհեմ եկան Ս. Ծնունդի առիթով:
Հակառակ բացառիկ ցուրտի մը (զերոյէն նուազ մէկ) եւ ժամական 130 քմ արագութեամբ փչող հովի մը, ժամը երեք օդանաւեր իջան Երուսաղէմի օդակայանը:
Աւելի քան 20,000 ուխտաւորներ մասնակցեցան Ս. Ծնունդի աւանդական թափորին:
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԻՏԻ ՓՈՒԹԱՑՈՒԻ
Ընթացիկ տարուան մէջ կառավարութիւնը պիտի աշխատի հաշուեյարդարի ենթարկել առկախ խնդիրները: Այս նպատակին համար վաղը ժողով մը տեղի պիտի ունենայ` նախագահութեամբ Ռաշիտ Քարամէի: Առաջին առիթով կառավարութիւնը պիտի զբաղի զանազան նախարարներու քատրերու վերակազմութեան խնդրով:
Այս առիթով կ՛իմանանք, թէ բազմաթիւ նախարարներ պիտի պահանջեն փութացնել կառավարական աւանի շինութիւնը: Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ անցեալ շաբթուան ընթացքին գումարեց բազմաթիւ ժողովներ, որոնց ընթացքին քննեց հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան նոր շէնքին վերաբերեալ յատակագծերը:
«ԵՐԹԵՒԵԿԻ ՇԱԲԱԹԸ» ԵՐԷԿ ՍԿՍԱՒ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
2500 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ Կ՛ՕԳՆԵՆ
ԵՐԹԵՒԵԿԻ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Երկրորդական վարժարաններու 2500 աշակերտներ կ՛օգնեն ոստիկաններուն` կանոնաւորելու երթեւեկը քաղաքին մէջ, «Երթեւեկի շաբթուան» ընթացքին, որ սկսաւ երէկ: Ամէն օր 300 աշակերտներ գործի կը լծուին:
Աշակերտները դրած են սպիտակ քասքեթ մը եւ թեւնոց մը: Կը կրեն նաեւ նշան տուող գաւազան մը: Այս կամաւորները յատկապէս կը ջանան անցորդները անցընել գամածածկ նրբանցքներէն:
Անցեալ շաբաթ ոստիկանութիւնը Պէյրութի փողոցներուն մէջ շինել տուած էր խոշոր ցուցատախտակներ` շարժավարներուն եւ անցորդներուն յիշեցնելով, որ ենթարկուին երթեւեկի կանոններուն: Գլխաւոր քառուղիներուն վրայ դրուած էին արկածեալ ինքնաշարժներ` շարժավարներուն յիշեցնելու համար, որ անհրաժեշտ է զգուշութեամբ վարել իրենց ինքնաշարժը, որովհետեւ արագութիւնը արկածներու գլխաւոր պատճառն է:
Բացի այդ, ուղղաթիռներու միջոցով երէկ արձակուեցան թռուցիկներ, որոնք ժողովուրդէն կը պահանջէին ենթարկուիլ օրէնքներուն եւ դիւրացնել երթեւեկը:
Այս առիթով, ելեկտրական նոր սարքաւորումներ եղան այն քառուղիներուն վրայ, ուր մինչեւ հիմա նման դրութիւններ չէին հաստատուած: