ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց իրաքեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իզզաթ Շահպանտարի: Քննարկուեցան իրաքեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ առնչութեամբ Իրաքի նախաձեռնութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ, երկրագործութեան եւ առեւտուրի գրասենեակներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյր շեշտեց, որ իրենք առաջին անգամ ըլլալով աշխատավարձերու յաւելման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ: Ան շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման մասին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ծրագիրը Լիբանանը կ՛առաջնորդէ դէպի քանդում:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ լիբանանեան առումով խորհրդարանական իսկական ներկայացուցչութիւնը կարելի է իրականացնել ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելով եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի որդեգրումով:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Սայտայի առաջնորդարանը եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները ներկայացուց յոյն ուղղափառ համայնքի Սայտայի առաջնորդ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսին: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւն հրահրող պատգամներուն եւ բառամթերքին, որ կը քանդէ մեր ընկերութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Մույին Մերեհպի հաւանական նկատեց, որ պայթուցիկ ռումբերէ եւ ականներէ հասկցող լիբանանեան խմբակ մը ուղղակիօրէն առնչուած ըլլայ Դամասկոսի պայթումներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ղովմի կուսակցութեան անդամներ սպաննուած են Դամասկոսի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն ընթացքին:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք ընդգծեց, որ շրջանին մէջ որեւէ բաժանում կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլի շահերուն:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական մթնոլորտը նպաստաւոր ըլլայ` պետական նշանակումները կատարելու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան ընկերային բոլոր շրջանակներուն` համերաշխութեամբ ապրելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ կը տիրեն այնպիսի պայմաններ, որոնք ազատութեան նոր ծնունդներ կը նկատուին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին անձնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժընեւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող վատթար իրավիճակը իր հետեւանքները պիտի ունենայ թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ՛ Պէյրութի վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում համախմբումի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Ան մաղթեց, որ 2012-ը ըլլայ այնպիսի տարի մը, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդուի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պատտաուիի քաղաքապետարանի մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան Թրիփոլիի վերաբերող հարցերն ու շրջանին կարիքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը անհաւանական է, որովհետեւ անիկա կը վնասէ Լիբանանի շահերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող պանդոկներու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը քաղաքական հարց մըն է, որուն գինը շատ սուղ պիտի վճարէ լիբանանեան տնտեսութիւնը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կոչ ուղղեց լիբանանեան որոշ տարբերութիւնները տարակարծութեան չվերածելու: Ան շեշտեց, որ իրենք բոլորը լիբանանցիներ են, որոնք հայրենիքի սիրոյն շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ եւ համայնք պէտք է պահէ իր իւրայատկութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը, ապահովել անոր գոյութիւնը եւ զայն մնայուն կերպով ունենալ իբրեւ ուսանելի օրինակ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յոյս յայտնեց, որ 2012-ը Լիբանանի համար քաղաքացիական յաւելեալ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն բերէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ համայնքային սադրանքները իրենց գագաթնակէտին հասած են` աւելցնելով, որ անոնք Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն իրաքեան եւ դամասկոսեան դարպասներէն:
