ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ լոյս ընծայուած իր գրութեամբ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան մակարդակը բարելաւելու, յատկապէս լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Սուրիա ժամանած Արաբական լիկայի դէտերու պատուիրակութիւնը պէտք է սուրիական բոլոր շրջաններուն մէջ շրջի, որովհետեւ բացառութիւններու պարագային Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը իր բովանդակութենէն կրնայ պարպուիլ:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ շրջանին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին առընթեր, կարելի չէ նաեւ լիբանանեան կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի ենթարկել` ընդգծելով չափաւորականութեան կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ: