ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, վարչապետարանին մէջ կազմակերպեց իւրայատուկ խրախճանք եւ ընդունելութիւն` Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներուն եւ մարդասիրական հիմնարկներուն համար:
Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի մանուկներէն կազմուած տասը հոգինոց խումբը` գլխաւորութեամբ իրենց պատասխանատու Թալին Պարտագճեանին, իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն ընդունելութեան` վայելելով սէրն ու գուրգուրանքը Լիբանանի վարչապետին:
Վարչապետը յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով հայ մանուկները` իր գնահատանքը յայտնեց «Թռչնոց բոյն»-ի ճամբով իրականացուող մարդասիրական աշխատանքին, որ կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը: Այս առիթով ան նաեւ նուէրներ բաշխեց մանուկներուն` անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկելով: