ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին կատարեց շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընդմէջէն ան շնորհաւորեց քրիստոնեայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթով:

Այս ծիրին մէջ, միւֆթի Քապպանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի հետ:

Հանրապետութեան միւֆթին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

 

Share this Article
CATEGORIES