«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՊԻԱ
Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռոլանտ Քոպիա «1նիուզ.ազ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահը Եւրոպական Միութեան համանախագահով փոխարինելու կարելիութեան մասին հարցումի մը, կը յայտնէ. «Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ կրկնել, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ ընդունուած` լուծման միակ ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Եւրոպական Միութիւնը տագնապի խաղաղ լուծում կ՛ուզէ, որովհետեւ համոզուած է սթաթիւս-քոյի անընդունելիութեան եւ շօշափելի ձեռքբերումներու ականատես կ՛ուզէ դառնալ: Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ նոր ուղիներ գտնել Մինսքի խմբակի աշխատանքի աջակցութեան եւ լրացման համար: Ատոր վառ ապացոյցն էր Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի կողմէ Ֆիլիփ Լըֆորին` Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակումը. վերջինիս լիազօրութիւնը շրջանի հակամարտութիւններու կարգաւորումն ու արդէն գործող մեքանիզմներուն աջակցութիւնն է:
«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, որովհետեւ համոզուած ենք, որ կապերու ամրապնդումը պիտի օգնէ գործնականին մէջ կեանքի կոչել խաղաղ համաձայնութիւնը, երբ անիկա գոյանայ: Մենք պատրաստ ենք ենթակառոյցներու վերականգնման աջակցելու: Սակայն եթէ կան Եւրոպական Միութիւնը լուծումէն ետք հովանաւորի դերին մէջ տեսնել փափաքողներ, ապա անոնք պէտք է արդէն հիմա շատ աշխուժ կերպով գործեն, որպէսզի այդ խաղաղութիւնը կայացուի:
«Բանակցային հոլովոյթի ներկայ փուլին մէջ ֆրանսական համանախագահութիւնը փոխելու մտադրութիւն չկայ: Պէտք է շարունակել լուծման ուղին գտնելու համար, եւ ոչ թէ կանգ առնել Մինսքի խմբակի կառուցուածքը փոխելու համար»:


