«ՌՈՒՍԻԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՇԽՈՒԺ ՋԱՆՔԵՐ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ յառաջիկայ տարի Ռուսիա պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման ուղղութեամբ աշխուժ ջանքեր գործադրել:

«Ճգնաժամերու եւ տագնապներու կանխարգիլման ու լուծման աջակցիլը, ըստ աւանդութեան, մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Քորէայի թերակղզիին, Միջին Արեւելքի, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ իրավիճակը մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան: Մտադիր ենք շարունակել աշխուժ ջանքեր գործադրել ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ տագնապներու, նախ եւ առաջ, ղարաբաղեան եւ մերձտնեսթրեան տագնապներուն լուծման ուղղութեամբ», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Share this Article
CATEGORIES