ՃԱՏՐԱԿ. ԵՒԳԵՆԻԱ ՏՈԼՈՒՀԱՆՈՎԱ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ

Եւգենիա Տոլուհանովա

ՖԻՏԷ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Եւգենիա Տոլուհանովա Ուքրանիոյ ճատրակի ֆետերասիոնէն փոխանցուեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին: Այս փոխանցումը կատարուեցաւ Տոլուհանովայի փափաքին համաձայն:

Ան տիրացած է շարք մը միջազգային մրցաշարքերու տիտղոսներուն: Ան 2009-ին Ուքրանիոյ աղջկանց ախոյեան հանդիսացած է:

Share this Article
CATEGORIES