ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎԻԵԹՆԱՄ` 2,5- 1,5
Երէկ, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մրցումներու 8-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակից Վիեթնամը:
Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան յաղթանակ արձանագրեցին, Նելլի Աղինեան` հաւասարութիւն մը, մինչ Մարիա Քուրսովա պարտութիւն մը կրեց:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չինաստան թէեւ 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուքրանիայէն, սակայն անիկա այժմ երկու կէտի առաւելութիւն մը ունի Ռուսիոյ վրայ (2-րդ), որ երէկ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Հարաւային Ափրիկէի:
Նշենք, որ Չինաստան արդէն իսկ հանդիսացած է ախոյեան:
Երրորդ դիրքը 11 կէտով կը գրաւէ Հնդկաստան:
Հայաստան, որ այժմ 8 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին պիտի ճակատի Ռուսիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական


