ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.Ը ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՍԿՍԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ ՄԱՎԸՐԻՔՍ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Քանի մը ամսուան յետաձգումէն ետք, նախորդ շաբաթավերջին ի վերջոյ սկսաւ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան հինգ մրցումներ` ելեւմտական տարբեր տարակարծութիւններուն լուծում գտնելէ ետք:
Ախոյեան Տալաս Մավըրիքս պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ իր դաշտին վրայ 105-94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մայեմի Հիթէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 37 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ, իսկ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 26 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ:
Ճէյմսի նման նոյնքան կէտ նշանակեց Քարմելօ Անթոնի, երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, 106-104 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի: Վերջինս իր կատարած վերջին ութ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթած էր Նիքսի:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ մէկ կէտի տարբերութեամբ 88-87 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շիքակօ Պուլզէն: Վերջինիս մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 28 կէտ, ինչ որ բաւարար չեղաւ, որ անոր կազմը իր դաշտին վրայ արձանագրէ իր առաջին յաղթանակը:
Օքլահոմա Սիթի 97-89 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքի, իսկ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի (105-86):
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օրլանտօ Մեճիք – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Օքլահոմա Սիթի
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆէօնիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շիքակօ Պուլզ


