50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՏՈՄՍԵՐ
ԳԵՂԵՑԻԿ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ
Անիմաստ պիտի ըլլար այս տողերով վերարծարծել, դպրոցներու կարեւորութեան հարցը` ժողովուրդի մը գոյատեւման համար տարուած պայքարին մէջ, սակայն կրկնութիւն մը, իմաստէ զուրկ կրկնութիւն մը պիտի չըլլար յիշատակել այն մեծ դերը, զոր խաղացին հայ գիրն ու դպրոցը ափ մը ժողովուրդի ճակատագրին մէջ, որ հայունն է: Կա՞յ աւելի զօրաւոր ազդակ մը, քան` գիրն ու դպրոցը, որոնց շնորհիւ այսօր կանք ու կը մնանք, ինչպէս` պատմութեան ամէնէն մեծ ու բազմանդամ ժողովուրդները, ու այդ մեր հպարտութիւնն է, մեր զօրութիւնն է, ու մեր մեծագոյն երազներուն տանող լուսաւոր ճամբան է: Իւրաքանչիւր հայ դպրոց, որ կը կառուցուի, իւրաքանչիւր օճախ, ուր հայ լեզուն եւ հայ գիրը կ՛ուսուցուին, ապացոյց մըն են, թէ հայը պիտի ապրի, թէ` հայը կ՛ուզէ ապրիլ:
Ահա ա՛յս ապացոյցներէն մէկուն երեւնալուն առիթով է, որ կ՛ուզէինք ըսել մեր խօսքը. կ՛ուզէինք փողով ու թմբուկով, շեփորով ու եկեղեցւոյ սուրբ կոչնակովը յայտնել` թէ Ազգ. իշխանութիւնները գեղեցկագոյն գաղափարն են յղացած Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ երկրորդական վարժարան մը հիմնելու:
Խլեակներ էինք, երբ այս ափերը նետուեցանք պատմութեան մէկ դաժան շրջանին: Մահու եւ կենաց կռիւ էր մեզի համար, երբ սկսանք` փառապանծ անցեալի տէր ժողովուրդի մը արնաքամ զաւակները, այս օտարին հողին վրայ մեր հիւղերն ու թիթեղաշէն յարկերը կառուցանել, ու այդ յարկերուն հետ միատեղ կառուցենք մեր դպրոցները, ի՞նչ փոյթ, թէ` փայտաշէն կամ թիթեղաշէն, բայց կառուցենք ցոյց տալու համար արար աշխարհին, մեզ խոշտանգողներուն եւ այդ խոշտանգումը քաջալերողներուն, թէ մենք կա՛նք ու կը մնանք եւ պիտի գոյատեւենք` հակառակ իրենց սուրին ու եաթաղանին, հակառակ իրենց վատ կամքին:
Հայ դպրոցը ու իր դերը մեր կեանքէն ներս…
Լուսաւոր էջ մը անկասկած, ու փայլուն յաղթանակ մը:
Գաղութ մըն ենք այսօր ու միայն գաղութ մը, եւ արդէն ունինք մեր յիսունը անցնող նախակրթարանները Լիբանանէ ներս, ու մօտաւորապէս տասի հասնող երկրորդական վարժարանները… Կա՞յ աւելի մեծ ապացոյց մը մեր կամքի արտայայտութեան, կա՞յ աւելի գեղեցիկ փաստ մը մեր մեծ ժողովուրդի մը զաւակները մնալուն… Եւ այսօր, ամէն վերամուտի անգնահատելի պէտքը զգացուող անհրաժեշտութեան մը, ազգ. երկրորդական վարժարանի մը հաստատման նախօրեակը կ՛ողջունենք: Եւ այդ կը կազմէ այս գաղութի կրթական եւ ազգային կեանքի մէկ ամէնէն փայլուն եւ ոսկետառ էջը:
Շարաններ կը կազմեն թիւը այն հա՛յ աշակերտներուն, որոնք, ամէն վերամուտին օտար վարժարաններու դուռը կը զարնեն եւ իրենց հայ պատանիի մատղաշ հոգիները օտարին ի սպաս կը դնեն, որովհետեւ հայ երկրորդական վարժարանները բաւարար չեն ու անոնցմէ շատեր ալ հայութիւն չեն բուրեր դժբախտաբար: Շուկայիկ մտահոգութիւնները մեզ այնքան կլանած են, որ կը նախընտրենք երկու բառ աւելի անգլերէն սորվեցնել` անտեսելով հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը: Այս ախտագին երեւոյթները համաճարակի մը նման գրաւած են մեր կարգ մը վարժարանները, համաճարակ մը, զոր պայմաններու ներկայ բերումով դժուար պիտի ըլլար ոչնչացնել:
Ահա նման պայմաններու եւ տուեալներու ստեղծած դժնդակ մթնոլորտին մէջ է, որ Ազգ. առաջնորդարանը, նեցուկ ունենալով կարգ մը օժանդակ մարմիններ, յանդուգն ու դժուարին, այլ գովելի ու խանդավառիչ գաղափարը կ՛ունենայ հիմնելու ազգ. երկրորդական վարժարան մը, ուր պիտի գան պատսպարուիլ Պուրճ Համուտի տասնեակ մը ազգ. վարժարաններէն վկայեալ պատանիներ, որոնց համար մեծ տաղտուկ մըն է դպրոց մը ընտրելն ու հոն յաճախելը: Շատ մօտիկ ապագային, ուրեմն, այդ տաղտուկէն պիտի ազատին հայ ծնողը, հայ պատանին ու ինչպէս նաեւ` հայոց պատմութիւնը կերտող սերունդներէն մէկը…
ԱՐՄԵՆԱԿ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ