Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՐԱՒԷՐ Է Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամերգութեամբ, սուրբ պատարագով եւ դասախօսական ու գեղարուեստական ձեռնարկով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, նախասարկաւագ եւ նախավկայ Ս. Ստեփանոսի տօնը ոգեկոչուեցաւ Անթիլիասի մէջ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան (ուսուցիչ դպրեվանքի) եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Երգեցողութիւնը կատարեց դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:

Քարոզիչ սրբազանը պատարագամատոյցին «Տէ՜ր, փրկութեան սաղաւարտ դիր գլխուս, որպէսզի կարենամ թշնամիին զօրութեան դէմ պատերազմիլ» խնդրողական աղօթքը բնաբան առաւ եւ ուրուագծեց Ս. Ստեփանոսի քրիստոսակեդրոն կեանքը, սարկաւագական ծառայութիւնը, համարձակախօս քարոզութիւնն ու արեան նահատակութիւնը, եւ յորդորեց դպրեվանքի 16 սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները` ընթանալու սարկաւագապետ սուրբին ուղիով:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ դպրեվանքի սարկաւագները ներկայացուցին Ս. Ստեփանոսի նուիրուած յայտագիրը:

Բացման խօսքը կատարեց Զոհրապ սրկ. Աշըգեան, «Գործք առաքելոց»-էն հատուած մը (7.51-60) կարդաց Անդրանիկ սրկ. Տալգըլըճեան, դպրեվանեցիներ երգեցին «Նախասարկաւագ» մանկունք շարականը, «Ս. Ստեփանոս եւ սարկաւագութեան ըմբռնումը» նիւթով դասախօսեց Սամուէլ սրկ. Լախոյեան եւ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Զարթուցեալքս»-ը ասմունքեց Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան:

Հանդիսութեան օրհնութեան խօսքը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ Ս. Ստեփանոսի տօնի ծառայական իմաստին հետ առնչուած տեսաւ բոլոր հայ հոգեւորականները, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենան անոնք: Վեհափառը այս տօնը առիթ նկատեց բոլոր հայ հոգեւորականներուն, ինքնաճանաչման ու իրենց առաքելութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու:

Արամ Ա. կաթողիկոս յատկապէս կոչ ուղղեց հոգեւորականութեան` ըսելով. «Պէտք է նայի՛նք Ս. Ստեփանոսին: Ի՛նք ալ Քրիստոսի նայեցաւ ու այդպէս իրագործեց իր կոչումը: Ան զՔրիստոս ժողովուրդին տարաւ ծառայութեան ճամբով: Հոգեւորականներ պէ՛տք է նային Ս. Ստեփանոսին, ինքնաճանաչման ճամբով տեսնելու իրենց կեանքն ու կոչումը: Այսօր արեան նահատակութիւն չի պահանջուիր մեզմէ: Սակայն հայ հոգեւորականէն կը պահանջուի կենդանի նահատակութիւն` ծառայութեամբ: Այս բառը խոր իմաստ եւ նուիրական հանգամանք ունի, որովհետեւ Աստուած Ի՛նք ծառայեց մարդոց` իր Որդւոյն միջոցով: Հայ հոգեւորականը ինքզինք ծառայ պէտք է ըմբռնէ, հեռու ամէն տեսակ նիւթական ու վաղանցուկ արժէքներէ եւ կառչելով մնայուն արժէքներու: Այն ատեն եկեղեցին կը դադրի կառոյց ըլլալէ ու կը դառնայ ծառայութիւն` բառին բովանդակ իմաստով»:

Ապա, վեհափառը պահպանիչով օրհնեց սարկաւագներու դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Ոգեկոչման պահը իր լրումին հասաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգներու հաւաքական երգեցողութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES