ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2011-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ հաստատութեան հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թռչնոց բոյն», նախքան աշակերտութեան արձակուրդի մեկնումը, անոնց հետ տօնելու Նոր տարին ու համայն աշխարհի Փրկիչին Ս. Ծննդեան տօնը:

Վեհափառը հաստատութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան, Գայեանեան հոգեւոր քոյրերուն, պաշտօնէութեան ու աշակերտութեան կողմէ: Ապա, պատասխանատուներուն հետ հանդիպում ունեցաւ` մօտէն հետաքրքրուելով դպրոցի կրթական, մարդասիրական ու կենցաղային պայմաններով: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ այցելեց կառուցման ընթացքին մէջ գտնուող «Ցեղասպանութիւն եւ վերապրում» թանգարանը, որ դանիացի մեծանուն որբախնամ ու հայասէր Մարիա Ճաքոպսընին պատկանած հնադարեան բնակարանին ներքնայարկը կը գտնուի:

Խնամակալութեան ու տնօրէնութեան իր թելադրութիւնները կատարելէ ետք, վեհափառը մուտք գործեց սեղանատուն, ուր մանուկները ակնդէտ կը սպասէին` սկսելու համար խրախճանքը: Թատերական ներկայացումով, երգերով, պարերով ու արտասանութեամբ հանդէս եկան մանկամսուրի, մանկապարտէզի, նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտները` իրենց աստուածատուր տաղանդը ցուցադրելով: Նոյն առիթով, Կիրակնօրեայ դպրոցի «Ծիածան» խումբը ելոյթ ունեցաւ իր ծաղրածուին ընկերակցութեամբ` զուարճացնելով մեծ թէ փոքր մանուկները:

Հաւաքի գլխաւոր անձը` ամանորեան հիւրը` Կաղանդ պապան ժամանելով իր գագաթնակէտին հասցուց մանուկներուն ուրախութիւնը: Այս առիթով, «Թռչնոց բոյն»-ի մանուկները վեհափառէն ստացան թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական նուէրներ:

Նոյն օրը երեկոյեան, «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաքը` ներկայութեամբ բարերարներու եւ տիկնանց յանձնախումբին: Խանդավառ մթնոլորտը առաւել ճոխացուցին յատկապէս ժամանած Տոնալտ Տաքը, Միքի Մաուսը եւ անոնց ընկերակիցները: Պարի խանդավառութեան մէջ մուտք գործեց նաեւ Կաղանդ պապան` դարձեալ նուէրներ բաշխելով ամէնուն:

Հայ որբին ու ընտանեզուրկ մանուկին արցունքը սրբող, տրտմութիւնը ժպիտի ու թախիծը ուրախութեան վերածող այս հաստատութիւնը աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` տուն ու օթեւան դառնալով նուազ բախտաւոր մեր հայ մանուկներուն: «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ պատսպարուած 8 ամսականէն մինչեւ 16 տարեկան պճլտուն աչքերով աշակերտները բարի Նոր տարի ու Ս. Ծնունդ կը մաղթեն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:

Share this Article
CATEGORIES