ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումին հետեւելու պարտականութիւնը ունեցող արաբ դէտերու յանձնախումբի աշխատանքի գրասենեակը յայտարարեց, որ արաբ դէտերը երէկ առաւօտ Հոմս այցելութեամբ սկսած են Սուրիոյ մէջ իրենց առաքելութեան:

Գրասենեակէն պաշտօնատար մը Արաբական լիկայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ ժողով մը պիտի գումարէ` կացութեան գնահատական մը տալու համար: Ան նաեւ լրատուական աղբիւրներուն կոչ ուղղեց` նկատի ունենալու յանձնախումբին նուրբ աշխատանքը եւ անճիշդ տեղեկութիւններ չսփռելու:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու յանձնախումբի ղեկավարը Հոմսի մէջ յայտարարեց, որ «առայժմ բոլոր կողմերը մեզի հետ կը գործակցին»` աւելցնելով, որ ինք Դամասկոս կը վերադառնայ, սակայն յանձնախումբը Հոմս պիտի մնայ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ արաբ դէտերուն Հոմս այցելութեան ընթացքին բազմահազար քաղաքացիներ ցոյց մը կատարած են:

Միւս կողմէ, «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական ապահովական ուժերը երէկ առաւօտ Իտլիպ նահանգին մէջ ետ մղած են ահաբեկչական զինեալ խմբակ մը, որ թրքական սահմանէն կը փորձէր Սուրիա թափանցել:

Դէպքը տեղի ունեցած է Ժըսըր Շուղուր շրջանին մօտ գտնուող Այն Պայտա շրջանին մէջ: Ապահովական ուժերը ահաբեկչական խմբակին շարքերուն մէջ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած են եւ զինուորական տարազներ, հաղորդակցութեան սարքեր, զէնքեր, զինամթերք եւ կեղծ անձնագիրներ գրաւած են: Ահաբեկչական խմբակը ստիպուած խոյս տուած է դէպի Թուրքիա:

«Սանա» լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ բժշկական ճարտարագիտութեան երկրորդ տարուան ուսանող մը ատրճանակէ կրակ բանալով սպաննած է դասընկեր մը եւ վիրաւորած երեք ուրիշներ:

 

Share this Article
CATEGORIES