ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԿԷՏԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ. ՍԹԵՐԼԻՆԿ ԿՐՆԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ՊՐԱՅԶԱՆ

Էտըմ Սթերլինկ

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեթիու Պրայզայի դիւանագիտական գործունէութեան ժամկէտը աւարտած է: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առնչութեամբ երէկ ընդունած է Պրայզան:

Հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ նշած է, որ ինք բարձր կը գնահատէ Ազրպէյճանի մէջ Պրայզայի ծաւալած դիւանագիտական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար` յաջողութիւն մաղթելով հետագայ գործունէութեան մէջ:

«1նիուզ.ազ» կայքէջը յղում կատարելով Պաքուի մէջ ամերիկեան դեսպանատան տեղեկատուական բաժանմունքի աշխատակից Քիթ Պինին կը յայտնէ, որ Պրայզայի պաշտօնավարման աւարտէն ետք Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար կրնայ նշանակուիլ դեսպանի տեղակալ Էտըմ Սթերլինկը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պրայզան ժամանակաւոր դեսպան նշանակած էր` օգտուելով իր սահմանադրական լիազօրութիւններէն, սակայն եթէ ծերակուտականները մինչեւ դեկտեմբերի վերջ չհաստատեն անոր թեկնածութիւնը, ապա Օպամայի հրամանը պիտի կորսնցնէ իր ուժը եւ Պրայզա ստիպուած պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES