ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստէն ետք ընտանեկան արձակուրդով մը պիտի մեկնի երկրէն:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման  լրջօրէն կ’աշխատի յառաջիկայ տարեսկիզբին վերսկսելու լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը իր նպատակին պիտի չծառայէ, ապա իրենք այդ երկխօսութիւնը ապարդիւն կը նկատեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց Արաբական Լիկային Սուրիոյ վերաբերող թղթածրարը փոխանցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Ան դիտել տուաւ, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան: Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը պիտի վերսկսի եւ պիտի քննարկուի երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, Հարիրի ըսաւ, որ այդ մէկը զաւեշտ է, որովհետեւ այդ մասին իրենք պիտի խօսին քաղաքական այնպիսի կողմի մը հետ, որ որոշած է խուլ ձեւանալ: Յայտնենք, որ Հարիրի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան տեղեկատուական կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Մաան Համիէ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Խալետ Տահեր Հալպայի մէջ Ղովմի կուսակցութեան դէմ գործուած քստմնելի սպանդին մեղսակիցներէն կը նկատուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազի գրասենեակին մէջ աշխատող կարգ մը պաշտօնեաներ ուղղուած են Իսրայէլ` անցընելու համար Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իրենց արձակուրդը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ռիատի մէջ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները»:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, շուրջ քսան տարիէ ի վեր լիբանանեան պետութեան հաշիւները քննութեան չեն ենթարկուած:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաստատէ, որ Լիբանանէն դէպի Սուրիա մաքսանենգումը կասկածի տակ պէտք չէ առնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ յայտնեց, որ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը պիտի կատարուի ապահովական շարք մը միջոցառումներ որդեգրելէ ետք: Ան կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի մէջ գործադրելու Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԼԻՊԻՈՅ ազգային խորհուրդի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իմամ Մուսա Սատըր մահացած է 1998-ին` իր արգելարանին մէջ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կացութիւնը շատ լաւ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւնները առողջ են եւ բնական:

ՍՈՒՐԻ միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները պէտք է յանձնառու մնան օրէնքներուն գործադրութեան եւ անոնց պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ պահանջեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնները քննարկել կառավարութեան նիստին ընթացքին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ ընդունեց Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուսաուի նկատել տուաւ, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ ըլլալը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին անձնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժընեւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող վատթար իրավիճակը իր հետեւանքները պիտի ունենայ թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ՛ Պէյրութի վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում համախմբումի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Ան մաղթեց, որ 2012-ը ըլլայ այնպիսի տարի մը, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդուի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պատտաուիի քաղաքապետարանի մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան Թրիփոլիի վերաբերող հարցերն ու շրջանին կարիքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը անհաւանական է, որովհետեւ անիկա կը վնասէ Լիբանանի շահերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող պանդոկներու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը քաղաքական հարց մըն է, որուն գինը շատ սուղ պիտի վճարէ լիբանանեան տնտեսութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կոչ ուղղեց լիբանանեան որոշ տարբերութիւնները տարակարծութեան չվերածելու: Ան շեշտեց, որ իրենք բոլորը լիբանանցիներ են, որոնք հայրենիքի սիրոյն շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ եւ համայնք պէտք է պահէ իր իւրայատկութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը, ապահովել անոր գոյութիւնը եւ զայն մնայուն կերպով ունենալ իբրեւ ուսանելի օրինակ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յոյս յայտնեց, որ 2012-ը Լիբանանի համար քաղաքացիական յաւելեալ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն բերէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ համայնքային սադրանքները իրենց գագաթնակէտին հասած են` աւելցնելով, որ անոնք Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն իրաքեան եւ դամասկոսեան դարպասներէն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES