ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ
Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հեղինակ Վալերի Պուայէ կը շարունակէ թուրքերէն սպառնալիքներ ստանալ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան ֆրանսական «Պէ. Էֆ. Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրեն սպառնացած են սպաննել եւ բռնաբարել:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պուայէ այդ սպառնալիքներուն եւ իր անվտանգութիւնը ապահովելու առնչութեամբ արդէն դիմած է Փարիզի ոստիկանութեան:
Նախապէս թուրք համակարգչահէններ կոտրած էին Պուայէի անձնական կայքէջը եւ այնտեղ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով գրութիւն ձգած էին: Գրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ իբրեւ թէ Ֆրանսա երկակի չափանիշերով կ՛առաջնորդուի եւ չի յարգեր մտքի ազատութեան իրաւունքը: «Ձեր խորհրդարանը նախ թող Ալճերիոյ մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնը քննէ… Դուք` ֆրանսացիներդ, քուէի համար պատմութիւնը անտեսող խեղճուկներ էք», ըսուած էր թուրքերուն ձգած գրութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ Պուայէէն բացի, սպառնալիքներ ստացած են նաեւ անոր ընտանիքի անդամներն ու ֆրանսացի այլ երեսփոխաններ:


