ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ Կ՛ՈՒԶԷ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄ ԴԱՌՆԱՅ»
Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ֆայիք Պակիրով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «մենք կ՛ուզենք, որ Թուրքիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր դառնայ»:
Ըստ «1նիուզ.ազ» կայքէջին, Ազրպէյճանի դեսպանը աւելցուցած է, որ Պաքու տակաւին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի համանախագահութիւնը փոխարինելու հարցը չէ բարձրացուցած:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումէն ետք Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր միջնորդութենէն:
Ան ըսած էր, որ «այդ օրէնքին որդեգրումը կը վնասէ Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ալ աւելի կը վատթարացնէ»: