ՔՈՒԷՅԹԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ

Նախագահ Սարգսեան եւ Քուէյթի դեսպանը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Քուէյթի նոր նշանակուած դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց նոր նշանակուած դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ ընդգծեց, որ Հայաստան իր անկախացումէն ի վեր մեծ նշանակութիւն տուած է Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Ըստ նախագահին, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպանութեան հիմնումը կը վկայէ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւններու խորացման փոխադարձ ցանկութեան մասին:

Պասսամ Մոհամետ Քապանտի նշեց, որ իբրեւ Հայաստանի մէջ Քուէյթի առաջին դեսպան` իր երկրին կառավարութեան կողմէ յանձնարարութիւն ունի ջանքեր գործադրելու բոլոր ուղղութիւններով Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը, աշխուժ համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերուն մէջ սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES