«ՖՐԱՆՍԱ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՉԷԶՈՔ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ

Խալուք Քոչ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Խալուք Քոչ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումով հասկնալի դարձաւ, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ չի կրնար չէզոք ըլլալ:

«Մենք թրքական սփիւռքը կը համակարգենք` դատարաններուն դիմելու եւ բողոքի ցոյցեր կատարելու համար: Սարքոզի Թուրքիոյ դէմ քայլեր կ՛առնէ` այդ երկրին մէջ ապրող 500 հազար հայերու ձայները ստանալու համար® Որեւէ երկիր ցեղասպանութեան յանցանքով ամբաստանելու համար դատարանի որոշում անհրաժեշտ է: Թուրքիոյ դէմ դատարանի նման որոշում չունենալով` Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ ցեղասպանութեան մասին որոշումները կամ ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար դրամական պատիժն ու բանտարկութիւնը չեն համապատասխաներ իրաւաբանական չափանիշերուն® Ըստ իս, Ազրպէյճան բոլոր հիմքերը ունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի չէզոքութիւնը կասկածի տակ առնելու համար», ըսած է թուրք երեսփոխանը:

 

Share this Article
CATEGORIES