ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԼՈՆՏՈՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ 166 ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ
Ուքրանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ռաւիլ Սաֆիուլին «Պի. Պի. Սի.»-ի ուքրանական ծառայութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 166 ուքրանացի մարզիկներ ապահոված են 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն իրենց տոմսերը:
Լուրը փոխանցող Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պէտք եղած անհրաժեշտ բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ, որպէսզի ուքրանացի մարզիկները այդ խաղերուն տան իրենց առաւելագոյնը:
Ուքրանացի մարզիկները Լոնտոնի մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 17 մարզաձեւերու մէջ, կ՛եզրափակէ Armsport.am:
CATEGORIES Մարզական

