ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐԱՄ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՆՈՐ ԱԿՈՒՄԲԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ

Իր լուրերը քաղելով Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութենէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ակումբին մաս կազմող երիտասարդ ֆութպոլիստ Արամ Յովսէփեան նոր ակումբի մը պիտի միանայ, որովհետեւ անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկուեցաւ:

Ան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2011 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն երկու մրցումի: Իսկ վերջին երկու տարիներուն, ան Փիւնիկի հետ դաշտ ներկայացած է Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցումներուն եւ երկու առիթներով ալ դարձած է կոլի հեղինակ:

Նշենք, որ Փիւնիկէն այլ մարզիկ մըն ալ` Խորէն Մանուչարեան հեռացած է եւ միացած Մարտունի-Ալաշկերտի:

Share this Article
CATEGORIES