ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՄԱՎԸՐԻՔՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 12 ճակատումներուն ընթացքին ախոյեան Տալաս Մավըրիքս կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն` 115-93 արդիւնքով: Մավըրիքսէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 20 կէտ:
Իր կարգին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը Սաքրամենթօ Քինկզէն` 100-91 արդիւնքով: Լէյքըրզ 2002-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով նոր տարեշրջանի մը կը սկսի յաջորդական երկու պարտութեամբ: Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 29 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրընթ (33), որուն կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 104-100 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 96-104
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 91-79
Օրլանտօ Մեճիք – Հիուսթըն Ռոքեթց 104-95
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 84-90
Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս 96-95
Մինեսոթա Վուլվզ – Օքլահոմա Սիթի 100-104
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց 93-115
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 95-82
Ֆէօնիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ 84-85
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 107-103
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 100-91
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շիքակօ Պուլզ 99-91
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Աթլանթա Հոքս
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Միլուոքի Պաքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Եութա Ճեզ

