50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՏՈՄՍԵՐ

ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՍՐՏԵՐ

Անվարան կարելի է յայտարարել, թէ քսաներորդ դարը զարմանքի եւ հրաշքներու դարն է: Ամբողջ աշխարհ դէպի արուեստականացում թեքած է, եւ ո՛ւր որ դառնաս, արուեստականացած այրեր, կիներ, օրիորդներ, արբանեակներ եւ բազում այլ բաներ կը գտնես: Անշուշտ կիներուն, օրիորդներուն եւ այրերուն արուեստականացումը արտաքին է առայժմ, սակայն գիտնականներ, որոնք միշտ կ՛ուզեն ամէն բան ճեղքել եւ ներս թափանցել, կ՛ուզեն մարդոց ներսիդին ալ արուեստականացնել` «փլասթիքէ» ստամոքսով, աղիքով եւ… սրտով:

Օրուան շարժումին դիմադրելը պարզապէս անքաղաքավարութիւն է, եթէ ոչ` խաւարամտութիւն: Ճիշդ ասոր համար ես ալ, գոնէ երեսանց, համամիտ եմ կատարուող յառաջդիմութեանց, ի բացառեալ… սրտի արուեստականացման: Ես համամիտ եմ, որ ստամոքսը արուեստական ըլլայ, քանզի անոր գործը ֆիզիքական է լոկ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել «փլասթիքէ» սիրտ մը, որուն պաշտօնը ֆիզիքականէն աւելի է` ըլլալով զգացումներու կեդրոնը:

Շատ հաւանական է, որ «փլասթիքէ» շինուած սիրտ մը յամենայն բարեխղճութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ իր կարելին ընէ մեզ գէթ ապրեցնելու համար: Բայց կարելի՞ է, որ այդ սիրտը զգայ, գուրգուրայ եւ մանաւանդ` սիրէ… Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատք ընծայել մարդու մը, որուն կուրծքին տակ քաուչուկէ կտոր մը պահուած է որպէս սիրտ, եւ օրիորդի մը առջեւ ծունկ չոքած, կը համարձակի, «իրեն հանդէպ ունեցած իր անհուն սէրը» յայտնել: Երեւակայեցէք` ի՞նչ ապուշութիւն, քաուչուկի կտորով մը, որ կրնար անիւի մը եւ կամ կօշիկի մը մաս կազմել, համեստափայլ օրիորդի մը ձեռքը խնդրել…

Պէտք է գիտնականները այսպիսի պարագաներ նկատի առնեն, եթէ երբեք կ՛ուզեն մարդկութեան ծառայութիւն մատուցանել: Սէրը շատ կանուխէն արուեստականացած է: Այս սէրը կը հալեցնէ, ապա ինք եւս իր կարգին կը հալի` կաթին վրայի սերին պէս, ու տիպար կարծեցեալ ընտանիք մը կը թողու սանձնուած այր մը, որ կը կառավարուի իր կնոջ կողմէ: Այս այսպէս է, երբ տակաւին սրտերը բնական են: Հապա երբ սրտերն ալ փոխուին, ի՞նչ կարելի պիտի ըլլայ ակնկալել այս կեանքէն…

Լաւ կ՛ըլլայ, որ այդպիսի սրտեր մի միայն… շուներու համար գործածուին, որովհետեւ անոնք սիրելու պէտք չունին: Բայց երբե՛ք պէտք չէ գործածել այսպիսի «փլասթիքէ» կտորներ մարդոց համար, մանաւանդ կիներու համար: Քանզի կիներն ալ արուեստականօրէն շինուած են, ոսկորի կտորէ մը: Ճշմարիտ, ճշմարիտ ասեմ ձեզ, թէ «փլասթիքէ» սրտով կին մը աւելի վտանգաւոր է, քան` Ալճերիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ պայթող «փլասթիքէ» ռումբերը…

ԳԵՒՕ

 

ՓՈ­ԹՈՐ­ԿԱ­ԼԻ ԱՆՁ­ՐԵՒ
ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԻ ՄԷՋ

ՕԴԱ­ԿԱ­ՅԱ­ՆԻ ԵՒ ՆԱ­ՒԱ­ՀԱՆ­ԳԻՍ­ՏԻՆ ՄԷՋ
ԵՐ­ԹԵ­ՒԵ­ԿԸ`ԽԱՆ­ԳԱՐ­ՈՒԱԾ

Փո­թո­րի­կը 21 դեկ­տեմ­բե­րին մաս­նակի­օ­րէն կազ­մա­լու­ծեց եր­թե­ւե­կը Պէյ­րու­թի մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նին մէջ: Բազ­մա­թիւ օդա­նա­ւեր, որոնք ժա­մա­կան 108 քմ. արա­գու­թեամբ փչող հո­վին ուժգ­նու­թեան պատ­ճա­ռով չկրցան Խալ­տէ իջ­նել, Մի­ջին Արե­ւել­քի այլ օդա­կա­յան­նե­րը գա­ցին:

Նա­ւա­հան­գիս­տին մէջ քա­նի մը նա­ւեր ստիպ­ուե­ցան այ­սօր­ուան յե­տաձ­գել իրենց մեկ­նու­մը` ծո­վուն գէշ վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով:

Երէկ տե­ղա­ցած անձ­րե­ւը, ըստ սո­վո­րու­թեան, գե­տակ­նե­րու վե­րա­ծեց մայ­րա­քա­ղա­քին փո­ղոց­նե­րը: Համ­րա­յի եւ Տո­րա­յի մէջ տու­ներ ջու­րե­րով ողող­ուե­ցան:

Լեռ­նա­յին շրջան­նե­րու մէջ առա­տօ­րէն ձիւ­նեց 1500 մեթ­րէն վեր: Բայց մին­չեւ երէկ գի­շեր ժա­մը 10-ը լեռ­նա­յին բո­լոր ճամ­բա­նե­րը կը մնա­յին գոր­ծա­ծե­լի:

Այ­սօր­ուան հա­մար օդա­չա­փը կը նա­խա­տե­սէ ան­կա­յուն օդ մը: Փո­թոր­կոտ անձ­րեւ­ներ պի­տի տե­ղան ծո­վե­զեր­եայ շրջան­նե­րու մէջ ու ձիւն` 1000 մեթ­րէն վեր:

Երէկ 35 միլ­լի­մեթր անձ­րեւ տե­ղաց Պէյ­րու­թի մէջ: Սեպ­տեմ­բեր 1-էն մին­չեւ հի­մա, 221,10 միլ­լի­մեթր անձ­րեւ տե­ղա­ցած է Պէյ­րու­թի մէջ, անց­եալ տար­ուան նոյն շրջա­նին 261,51 միլ­լի­մեթ­րին փո­խա­րէն: Նա­խորդ տա­րի­նե­րու մի­ջինն է 308,19 միլ­լի­մեթր:

Բայց եթէ Պէյ­րու­թի մէջ բնա­կա­նին հետ բաղ­դա­տած 87,09-ի պա­կաս մը կայ, Պե­քաա­յի մէջ այս տա­րի տե­ղա­ցած անձ­րե­ւին քա­նա­կը մի­ջի­նէն վեր է:

Share this Article
CATEGORIES