ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ
ՍՈՒՐԻԱ
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
10 դեկտեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 121-ամեակը:
Արաբերէնով բացման խօսք արտասանեց Պայքար Թովմասեան, իսկ հայերէնով` Նանոր Մինասեան:
Օրուան պատգամաբեր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ընկերվար միջազգայնականի Մարիօ Նալպանտեան իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 121-ամեայ գործունէութեան` շեշտելով, որ շնորհիւ
Դաշնակցութեան հարուստ կենսափորձին, անոր անձնդիր նուիրեալներուն եւ անոնց իւրայատուկ ու անձնադրոշմ ներդրումներուն, այսօր Դաշնակցութիւնը դարձած է գաղափարական հնոց մը:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան խօսք առնելով` ընդգծեց ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ, հաստատելով, որ ՀՅԴ-ն իր ազգային դիմագիծով եւ գաղափարախօսութեամբ յաջողեցաւ ապահովել կենարար ոստումը ներհայկական կեանքի թէ միջազգային ասպարէզներու մէջ եւ ցոյց տուաւ ազգային գիտակցական մակարդակի շէնշող պատուանդան ու ազատախոհական տրամադրութիւններու բացարձակ ունակութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՊՈԼԻՍ
ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ՈՒ ՄՆՁՈՒՐԻԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին հիմնադրութեան 12-ամեակին առիթով, 18 դեկտեմբերին, Ֆերիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարենցին բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի եւ գիւղագիր Յակոբ Մնձուրիի նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին պաստառին վրայ ներկայացուեցաւ Ակն քաղաքէն լեռնային տեսարան մը, որուն զոյգ գագաթներուն վրայ զետեղուած էին երկու մեծարեալներուն նկարները:
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան, որ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ վարժարանի գործունէութեան մասին:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնք ներկայացուցին Մեծարենցի եւ Մնձուրիի կենսագրականները` թատրերգութեամբ նաեւ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր:
Յայտագիրը վերջ գտաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ:
ԹԵՀՐԱՆ
«ՆԱՅԻՐԻ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿ
15 դեկտեմբերին «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասին մէջ գործող «Նայիրի» միութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 30-ամեակի տօնակատարութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան` երգչախմբային եւ պարային կատարումներ, ասմունք, միութեան անցեալ եւ ներկայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, յուշանուէրներու եւ գնահատագրերու տուչութիւն:
Ելոյթ ունեցան միութեան հիմնադիր անդամ Ազատ Աբգարեան, միութեան վարչութեան նախագահ Ալֆրետ Քեշիշեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
«ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ»
ԳԻՐՔԻՆ` ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Նախաձեռնութեամբ «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Երէցներու միութեան, 16 դեկտեմբերին «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ նախկին մարզիկ, Հայաստանի համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Ալֆրետ Հաւանի հեղինակութեամբ վերջերս հրատարակուած «Իրանահայ անուանի մարզիկներ» գիրքին շնորհահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէ իրանահայ աւելի քան 600 մարզիկներու եւ մարզական բնագաւառէն ներս դերակատարութիւն ունեցող անձերու կենսագրական տուեալներն ու լուսանկարները:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
«ՊԱՂՏԱՍԱՐ ԱՂԲԱՐ»
ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Քսանթիի հայոց թաղական խորհուրդին եւ Հայ գթութեան խաչի «Արաքս» մասնաճիւղին վարչութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ, Պուլկարիոյ Խասքովօ քաղաքի Քսանթիի «Էրղաթիքի էսթիա» թատերասրահէն ներս, Հայ արուեստասիրաց թատերախումբը ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» թատերախաղը` բեմադրութեամբ, Ֆիլիփ Տէր Անտոնեանի:
Ներկայացումէն առաջ Հայկ Յարութիւնեան ներկայացուց հեղինակ Յակոբ Պարոնեանի կենսագրութիւնը:
«Պաղտասար աղբար» կատակերգութեան ներկայացումով, թատերախումբը կրցաւ ներկաները փոխադրել Պարոնեանի ներաշխարհի ու մտածողութեան ընդմէջէն ներկայացուած` կերպարներուն ու կեանքի անարդար ելեւէջները:
ՄՈՍԿՈՒԱ
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵԼՈՅԹԸ
Հայազգի աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր 12 դեկտեմբերին Կրեմլի պալատին մէջ հանդէս եկաւ միակ համերգով:
Մոսկուայի մէջ Ազնաւուր ներկայացուց իր նոր ձայներիզը եւ «Ազնաւուր թուժուր» համերգային ծրագիրը, որուն առաջինը վերջերս տեղի ունեցաւ Փարիզի «Օլիմփիա»-ի մէջ: Ազնաւուր յայտնեց, թէ նոր ձայներիզը, ինչպէս միշտ, կը տարբերի նախորդներէն:
87 տարեկան երգիչը մեկնաբանեց բոլորին կողմէ սիրուած երգերու փունջ մը:
Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ազնաւուրին դուստրը` Քաթիա:
Համերգի աւարտին հանդիսականները 15 վայրկեանէ աւելի ծափահարեցին Ազնաւուրին:
ՖՐԱՆՍԱ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ`
ԱՌԻԹՈՎ` ԳԵՐԱՏԵՍՉԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՈՒ
ՅԱՆՁՆՈՒՄ
14 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեայ յոբելեանի ծիրին մէջ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն շնորհուած գերատեսչական պարգեւներու յանձնման նպատակով Փարիզի կեդրոնին մէջ գտնուող «Փաւիյիոն Տոֆին» հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հազարամեայ Հայաստանը 20 տարեկան է» խորհրդանշական խորագիրը կրող հաւաք:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի, սփիւռքի եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններու կողմէ շնորհուած Հայաստանի նախարարական պարգեւներու եւ շնորհակալագրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն` Հայաստան-Ֆրանսա, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ իրենց նպաստը բերած ֆրանսահայ անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն: Աւարտին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն:
ՀՈԼԱՆՏԱ
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Վերջերս Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց իր 4-րդ սեմինարը, որ նուիրուած էր Գարեգին Նժդեհի 125-ամեակին:
Ձեռնարկի հիմնական նպատակն էր հայ համայնքին ծանօթացնել Գարեգին Նժդեհի կենսագրութիւնը:
Ելոյթ ունեցան Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, ՀՅԴ-ի Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսելի գրասենեակի տնօրէն Պետօ Տեմիրճեան եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Ատրինէ Մարգարեան: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Գարեգին Նժդեհի մասին:
Ներկաները ծանօթացան Գարեգին Նժդեհի կենսագրութեան եւ տարած գործունէութիւններուն:
ՊՐԱԶԻԼ
Նախաձեռնութեամբ Պրազիլի Քամփինաս քաղաքի խորհրդարանին եւ տարածաշրջանային «Թրիանոն» ռազմաքաղաքացիական ակումբին, 16-18 դեկտեմբերին Պրազիլի Քամփինաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նուիրուած օրեր: Ներկայացուած էին քաղաքի 40 նկարիչներու` Հայաստանին նուիրուած շուրջ 70 կտաւներ եւ քանդակներ, ինչպէս նաեւ` հայկական գորգեր եւ գեղարուեստական իրեր:
Քաղաքային խորհրդարանի երեսփոխան Հեկտոր Կոէլեոն իր խօսքին մէջ հիացմունք արտայայտեց հայ ժողովուրդի նկատմամբ, որ կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգել ու պահպանել սեփական հազարամեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան յայտարարեց, որ Քամփինասի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որոշեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հայաստանի դեսպան Աշոտ Եղիազարեան բարձր գնահատեց քաղաքապետարանին որոշումը` Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:
Տեղի ունեցան համերգներ, դասախօսութիւններ, թատերական ներկայացումներ, տեսերիզներու ցուցադրութիւններ:
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ԶՐՈՅՑ
10 դեկտեմբերին «Քենթ» համալսարանի Պրիւքսելի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի հիմնախնդիրին նուիրուած «Պետութեան տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» նիւթով կլոր սեղան-զրոյց մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց միջազգային գիտութեանց դասախօս Մարաթ Թերթերով, որ նշեց անոր կարեւորութիւնը` մատնանշելով նման ձեռնարկի մը աննախընթաց ըլլալն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսք առաւ Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, որ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիմունքները: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց արցախահայութեան տարած պայքարը` միջազգային ճանաչում ստանալու եւ ժողովրդավար պետութիւն մը կերտելու համար:
Նշենք, որ Յարութիւն Գրիգորեան ներկայիս Գերմանիոյ Փոցտամ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի մագիստրոսի դասընթացքներուն կը հետեւի` պաշտպանելով «Ժողովուրդներու ինքնորոշումը ընդդէմ պետութեան հողային ամբողջականութեան» թեզը:
ՊՐԻՒՔՍԷԼ
ՀՅԴ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
9 դեկտեմբերին Պրիւքսելի «Հայ տուն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 121-ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկ մը` կազմակերպուած Պելճիքայի կառոյցին կողմէ:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Զատիկ վրդ. Աւետիքեան, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերմանիոյ մէջ ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն, Կիրօ Մանոյեան: Ան մանրամասն ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերջին տարուան տարած պայքարը` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Յատուկ անդրադարձ եղաւ 2012-ի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ զարգացումներուն, ՀՅԴ-ի նախաձեռնած «Քուէն ուժ է» շարժման եւ ընտրութիւններու ժողովրդավարական հիմունքներով կայացման հրամայականին:
ՉԵԽԻԱ
«ԽԱՉՈՒԱԾԻՆ ՄԱՀ ՉԿԱՅ» ԳԻՐՔԻՆ
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կազմակերպութեամբ «Օրեր» եւրոպական ամսագիրին, 9 դեկտեմբերին Փրակայի քաղաքային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող, հրապարակախօս Շուշան Ղազարեանի «Խաչուածին մահ չկայ» գիրքին շնորհահանդէսը:
«ՕՐԵՐ»-ու գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատուրեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքը նուէր մըն է Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 20-ամեակներուն: Ան նաեւ ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները:
Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Չեխիոյ հայերու հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի լրագրող եւ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Արմէն Քոլոյեան, նոյն դպրոցի ուսուցչուհի Լարիսա Գրիգորեան:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շուշան Ղազարեան:
Գրական- երաժշտական ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան հատուածներ Արցախի հեռատեսիլի ընկերութեան նկարահանած «Ութսունութի արձագանգները»ֆիլմէն, նաեւ պատմական լուսանկարներ` Շուշան Ղազարեանի արխիւէն:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՀԱՅ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ
ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի հայ շարժապատկերի գործիչներու հաւաք, որուն ներկայ էին Մարկօ Խան, Քեն Դաւիթեան, Վալերի Մըքքեֆրի, Քարլա Կարապետեան, Էրիկ Նազարեան, Սիլվիա Մինասեան եւ այլն:
Հանդիպումի նպատակն էր հայկական ծագում ունեցող գործիչներու կողմէ 2011 թուականի ընթացքին տեղի ունեցած աշխատանքը համադրել, որ կը ներառէ անցնող տարուան ընթացքին ցուցադրուած ժապաւէնները, հայ արտադրողներու նոր գործերը, ամերիկեան նախագիծերուն հայ դերասաններու մասնակցութիւնը, միջազգային փառատօներուն ունեցած յաջողութիւնները:
Հաւաքի ընթացքին Լոս Անճեըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան Սիլվիա Մինասեանին յանձնեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մետալը, որուն ան արժանացաւ հայկական գետի անուամբ` Հոլիվուտեան չափանիշներու միջազգային շարժապատկերի «Արփա» փառատօնը հիմնելուն և հայաստանցի սկսնակ շարժապատկերի գործիչներու համար օգտակար դառնալու իր ջանքերուն համար:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

