«ԿԵՆԴԱՆԻ ՄՍՈՒՐ»-ՈՎ ՍԿՍԱՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
Ս. Ծննդեան մսուրի հոգեպարար եւ գեղեցիկ արարողութիւնը աւանդութիւն դարձած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին համար: Իւրաքանչիւր տարի, Ս. Ծննդեան տօներու սեմին մանկապարտէզի սիրասուն փոքրիկներու ուժերով, հետեւողութեամբ դաստիարակ ուսուցչուհիներու, կը պատրաստուի իւրայատուկ բեմականացած, երգախառն ներկայացում մը, որ կը մատուցուի հաւատացեալներուն անմիջապէս Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ խորանէն:
Բողբոջէն Ծաղիկ դասարաններու բոլոր փոքրիկները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս հանդէսին, իւրաքանչիւրը` իր դերով, մին դառնալով Հայր Յովսէփ, միւսը` Աստուածամայր, ուրիշներ` մոգեր ու հրեշտակներ:
Այս տարի ալ, չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան մեր ջանասէր փոքրիկները մեծ հաւատքով ու յուզումով ներկայացուցին «Կենդանի մսուր»ը: Անոնք պատմողական խօսքով ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի ծննդեան պատմութիւնը եւ այդ պատմութիւնը զարդարեցին իրենց կենդանի ցուցադրութեամբ, տեղ-տեղ համեմելով իրենց հանդիսութիւնը Ս. Ծննդեան նուիրուած հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն երգերու կատարումով:
«Կենդանի մսուր» պատկերի աւարտին բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն, ծնողներուն, հարազատներուն, ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն առջեւ խօսք առնելով, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Սարգիս վրդ. Դաւիթեան շնորհաւորելով բոլորը տօնական օրերուն առիթով` մաղթեց, որ իւրաքանչիւր ներկայ ծնող իր տան մէջ ունենայ հաւատոյ մսուրը, այն մաքրամաքուր հաւատքով, ինչպէս էր այն փոքրերունը, որոնք ներկայացուցին օրուան «Կենդանի մսուր»ը:
Այսպիսով Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկսաւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները վարժարանէն ներս:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

