«ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ» ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ քոլեճի Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին ուրբաթ, 23 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանեկան երեկոյ»:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավարը` Տիկնանց ընկերային յանձնախումբի անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ երեկոյի ընթացքին տեղի պիտի ունենան անհատական խաղեր, ինչպէս` «սքրեպըլ», ճատրակ, նարտ, «Ունօ» եւ այլն, նաեւ` հաւաքական խմբային խաղեր, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլոր ներկաները:
Աւելի քան 150 հոգի մօտաւորապէս երեք ժամ տեւողութեամբ բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ խաղցան, զուարճացան, նուէրներ շահեցան, որմէ ետք հիւրասիրուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ:
Աւարտին Մարալ Մխսեան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, որպէսզի միասնաբար կտրեն կարկանդակը` յաջող, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը մաղթելով:

