ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերուն նախօրեակին, չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2011-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային ծերանոցին սրահին մէջ, հայ հայրիկներն ու մայրիկները, ինչպէս նաեւ ՔԱՀԼ-ի մեծ ընտանիքը (խնամակալութիւն եւ անձնակազմ) մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Մատթէոսեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Այս առիթով Ծերանոցի նոր նշանակուած տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց հիւրերը: Ապա, դեսպան Քոչարեանի ողջոյնի խօսքէն ետք ընթերցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը` յղուած «աւագ հայրենակիցներուն»: Նամակին մէջ ամանորեան շնորհաւորութիւններու կողքին յիշուած էր, թէ «ձեր տաքուկ ապաստանը դիտում եմ որպէս մի մեծ հայ ընտանիք, մայր հայրենիքից հեռու, բայց եւ նրան միահիւսուած Հայաստանի մի փոքրիկ բեկոր»:

Ապա խօսք տրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր, որ մեծապէս գնահատեց Հայաստանի նախագահին նախաձեռնութիւնը` նամակն ու դրամական գումարը, թէ՛ ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոցին եւ թէ՛ անոր Մասնաւոր դասարաններուն:

Ամանորեան այս եզակի հանդիպումը փակուեցաւ պատ. Սեպուհ Թերզեանի շնորհակալական ջերմ խօսքերով:

Հայաստանէն ստացուած քաղցր խօսքերու ազդեցութեան տակ յուզուած ծերունիները իրենց բարեմաղթութիւնները ուղարկեցին Հայաստանի նախագահին:

ՔԱՀԼ-Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES