ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԵՑԱՒ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅ ՄԸ. ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀԱՄԵՐԳԸ ՍԱՆ ՓԱՈՒԼՈՅԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Պրազիլահայ թեմին եւ օժանդակութեամբ Սան Փաուլոյի Համազգայինին, Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց հոգեզմայլ համերգ մը, նուիրուած անմահն Կոմիտասի ծննդեան, 140-ամեակին: Այս առիթով Հայաստանէն յատուկ կերպով հրաւիրուած համբաւաւոր թենոր Գէորգ Իգնատիոս Հաճեան, իսկ Լիբանանէն` նոյնքան հանրածանօթ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեան:

Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ կը գտնուէր համերգին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եզնիկ Ա. քհնյ. Կիւզելեանը` ներկայացնելով Գ. Հաճեանի եւ Տ. Արթինեանի համառօտ կենսագրականներն ու գործունէութիւնը:

Յայտագիրի Ա. բաժինով, արուեստագէտները կատարեցին Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի «Յարեաւ Քրիստոսը», Կոմիտասի «Հայր մեր – 1915», Ֆ. Շուպերթի «Ավէ Մարիա»-ն Սեզար Ֆրանքի «Փանիս Անժելիքուս», Դանիէլ Երաժիշտի «Ուր ես Մայր իմ», Կոմիտասէն` «Մարալի եւ Շուշիկի», «Էս Առուն» եւ «Շողեր ջան», Սայաթ Նովայէն «Քանի վուր ջան իմ» երգերը, իսկ Էտկար Յովհաննիսեանի «Երեւան Էրեբունի»ին, որուն երգեցողութեան մասնակցեցան բոլոր ներկաները:

Կարճ դադարէ մը ետք եւ նախքան Բ. բաժինը, պրազիլահայոց առաջնորդ Տաթեւ արք. Ղարիպեան իր սրտի եւ երախտագիտութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն ու յատկապէս արուեսագէտներուն: Իր խօսքին մէջ սրբազանը շեշտը դրաւ այս աննախընթաց համերգի կարեւորութեան վրայ` հաստատելով, որ անիկա իր ազդեցիկ դրոշմը պիտի թողու մէն մի պրազիլահայու սրտին խորը: Ան նաեւ շնորհաւորեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երիտասարդ սարկաւագ Վազգէն Եէկինէրեանին, որ միաժամանակ մաս կը կազմէ Սան Փաուլոյի համազգայինին, որուն ժրաջան ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ կապի մէջ մտնել ու իրականացնել սոյն նախաձեռնութիւնը:

Յայտագրի Բ. բաժինով, Գէորգ Հաճեան եւ Տաթեւիկ Արթինեան ներկաները յուզեցին կոմիտասեան շարք մը ծանօթ երգերով, ինչպէս` «Ձայն տուր ով ծովակ», «Լէ լէ եաման», «Չինար ես», «Բամբ որոտան», իսկ համերգը իր գագաթնակէտին հասաւ Դանիէլ Երաժիշտի «Կիլիկիա» եւ Կոմիտաս վարդապետի «Հայաստան» ազգային-ժողովրդական երգերով, ներկաներու միահամուռ մասնակցութեամբ: Յայտագրի վերջաւորութեան, ընդառաջ երթալով որոտընդոստ ու անվերջանալի «կեցցէ»ներու եւ ծափահարութիւններու, արուեստագէտները ներկայացուցին մի քանի այլ երգեր, իսկ ելոյթը վերջ գտաւ «Հիմի էլ լռենք» եւ Էջմիածնի «Հայրապետական մաղթերգ»ով: Գէորգ Հաճեան եւ Տաթեւիկ Արթինեան իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ներկաներուն եւ ի մասնաւորի սոյն  արտակարգ երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբին ու բոլոր անոնց, որոնց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս ձեռնարկը: Ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ուր բոլոր ներկաները առիթը ունեցան անձամբ շնորհաւորելու այս երկու տաղանդաւոր արուեստագէտները:

Սոյն համերգը բացառիկ առիթ մը հանդիսացաւ պրազիլահայ գաղութին, որ տարիներէ ի վեր կարիքն ունէր յագեցնելու իր պապակը այսպիսի ազգաշունչ նախաձեռնութեան մը ընդմէջէն: Ներկայ անձնաւորութիւններու շարքին` Թեմի Գործադիր վարչութեան թէ ներկայացուցչական մարմնոյ վարչականներէն եւ գաղութի բոլոր միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ քոյր յարանուանութեանց ղեկավարներէ եւ ներկայացուցիչներէ զատ ներկայ կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան Սան Փաուլոյի պատուոյ հիւպատոս Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեանը, յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդն ու այլ հրաւիրեալներ:

Իսկ կիրակի, 18 դեկտեմբերին, Գէորգ Հաճեան եւ Տաթեւիկ Արթինեան իրենց յատուկ մասնակցութիւնը բերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի երգեցողութեան, դարձեալ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան:

Շնորհաւորելի են բոլոր անոնք, որոնց ժրաջան աշխատանքի եւ զոհաբերութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այսպիսի հազուադէպ եւ փայլուն նախաձեռնութիւն մը: Ժամանակն էր արդէն, որ պրազիլահայութիւնը առիթն ունենար այսպիսի բարձրորակ ելոյթի մը ընդմէջէն ըմբոշխնելու հայ մշակոյթն ու գեղարուեստը` լիացնելով իր հոգին եւ սիրտը հայադրոշմ հարազատ մթնոլորտով: Մեր փափաքն ու ցանկութիւնն է, որ յետ այսու այս գաղութը առաւել առիթներ ունենայ կազմակերպելու նման հոգեպարար եւ խանդավառիչ նախաձեռնութիւններ, որոնք անտարակոյս մեծ դրսեւորում եւ ներդրում կ՛ունենան հայապահպանման դժուարին, սակայն վսեմ պայքարի ճամբուն վրայ:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԹԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES