ՊՈՒԱՅԷ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ԻՐ ՔԱՅԼԻՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Վալերի Պուայէ

Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ Դիմատետրի իր էջին վրայ շարադրած է բոլոր այն պատճառները, որոնց հիմամբ առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

«Այն ֆրանսացիները, որոնք ծագումով հայ են, կ՛ապրին Ֆրանսայի մէջ, իրաւունք ունին պաշտպանուելու բոլոր այն մարդոցմէ, որոնք կ՛արատաւորեն իրենց նախնիներուն յիշատակը:

«Այս օրէնքին նպատակն է պատժել անոնք, որոնք մեր տարածքին մէջ պիտի վիճարկեն ցեղասպանութեան փաստը:

«Թուրքիոյ իշխանութիւնը նախ եւ առաջ չի յարգեր Ֆրանսայի գերիշխանութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի մեր հանրապետութեան ներքին գործերուն միջամտութեան:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Ռուսիոյ, Քանատայի, Արժանթինի, Իտալիոյ, Շուէտի եւ նոյնիսկ Գերմանիոյ մէջ, սակայն այս երկիրներէն ոչ մէկը կրնայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել:

«Ի հարկէ, միշտ ալ օրինականացնելու աւելի կարեւոր հարցեր կան, սակայն եթէ աջակողմեան եւ ձախակողմեան հանրապետականները փոխհամաձայնութեան եկած են այս հարցին շուրջ, ինչո՛ւ զայն չզարգացնել:

«Արդեօք Ֆրանսան մարդկային իրաւանց երկիր չէ՞», ըսած է Պոյեր:

Share this Article
CATEGORIES