ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏԷ

Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտի) ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանական դիրքերէն մէկուն վրայ` ազրպէյճանական կողմէ արձակուած փամփուշտէն վիրաւորուած է բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992 թուականին ծնած Գէորգ Եղիազարեանը:

Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ դէպքէն անմիջապէս ետք վիրաւորը զինուորական հիւանդանոց տեղափոխած են: Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները ճշդելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES