ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ ՏՕՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵՆՔ ՀՊԱՐՏԱՆՔԻ ԱՌԻԹԻ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Անցնող օրերուն, լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանները, տօնական օրերու ցնծութիւն արտայայտող մթնոլորտին մէջ, ցուցադրեցին նաեւ զանազան յայտագիրներ, որոնց ընթացքին յոյս, ուրախութիւն եւ ապագային հանդէպ հաւատք արթնցնող նախաձեռնութիւններու առիթ ընծայեցին լիբանանցի տարբեր ընտանիքներու: Յայտագիրներ, որոնց ընթացքին այրի կին մը, հիւանդ հայր մը, անկար երեխայ մը, աներդիք ծեր մը, գործ, դպրոց, ճամբորդութիւն, բնակարան կամ կեանքի հանգիստ պայմաններ ունենալու առիթի արժանացան:

Բնականաբար, հպարտառիթ երեւոյթներու դէմ յանդիման գտնուեցան բոլոր դիտողները:

Մեզի` հայերուս համար, իրերօգնութեան սկզբունքը նորութիւն չէ եղած երբեք: Հաւաքական ճիգով հաւաքական գործ կատարած ենք եւ ամուր պահած ենք մեր կառոյցները: Հաւաքաբար շունչ տուած ենք եկեղեցիին, ակումբին, դպրոցին, միութեան: Ունեցած ենք եւ ունինք բարերարներ, որոնց նպաստը մեր ժողովուրդին եղած է օրհնաբեր:

Առանց արժեզրկելու ցարդ կատարուած գործը եւ գնահատելով ամէն մակարդակի մեր բարերարները, նուիրատուները, բարեսիրական միութիւնները, լուռ ու խոնարհ, անաղմուկ օժանդակողները, տօնական այս օրերուն կամայ թէ ակամայ միտք չարչրկող հարցումներ անգամ մը եւս իրենք զիրենք կը պարտադրեն:

– Նոր տարուան գիշերը քանի՞ հայ ընտանիք առանց Ամանորի սեղանի պիտի դիմաւորեն 2012 տարին:

– Քանի՞ հայ երեխայ առանց խաղալիքի, պատուհանէն միայն պիտի տեսնեն Կաղանդ պապուկը:

– Քանի՞ հայ մայր ու հայր, լքուած իրենց զաւակներէն ու թոռներէն, պիտի սպասեն լսել բարի Կաղանդ արտայայտութիւնը:

– Քանի՞ հայ տուն պիտի չսպասէ կէս գիշերուան ժամը 12:00-ը ու կանուխէն պիտի մտնէ անկողին` յաւելեալ ցաւով չտառապելու համար:

– Քանի՞ հայ հայր կամ մայր, 31 դեկտեմբերին, պիտի աշխատին մինչեւ ուշ գիշեր, որպէսզի գէթ կարենան յաւելեալ ժամերու փոխարժէքով ուրախացնել իրենց զաւակները:

– Անկողինի ծառայող քանի՞ հիւանդ հայ դեղի կարօտով պիտի յուսայ, որ Նոր տարին կա՛մ դեղ հայթայթէ իրեն, կա՛մ իր հոգին առնէ:

Ու հարցումներու շարանը կրնայ երկարիլ:

Իսկ տխուր պատկերները երեւակայութիւն չեն, այլ իրականութիւն, դառն, ցաւցնող իրականութիւն: Չափազանցութիւն ալ չկայ անոնց մէջ: Պարզապէս սառն, մեր խիղճը անհանգստացնող իրականութիւնը:

Ու հարցումներու շարքը երկարելով` այս անգամ դիտենք միւս պատկերները:

– Քանի՞ քանի տուներ, իրենց Ամանորի սեղանը արդէն իսկ ապսպրած են այսօրուընէ, ու Նոր տարուան գիշերը սեղանը նեղ պիտի գայ լաւագոյն ու բարձրորակ ճաշարաններէ հասած աղանդերին ու խորտիկներուն:

– Քանի՞ քանի խմիչքի շիշեր ցմրուր պիտի խմուին պանծացնելու համար անցնող օրերը. եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելու գալիք օրերուն:

– Քանի՞ քանի երեխաներ ժամանակը պիտի չունենան պատռտելու իրենց հասած նուէրներու թուղթերը:

– Քանի՞ հեզաճկուն տիկիններ եւ օրիորդներ 31 դեկտեմբերի գիշերը իրենց շրջազգեստները նուազագոյնը երկու անգամ պիտի փոխեն` տունէ տուն կամ ճաշարանէ ճաշարան երթալու համար:

– Ինչքա՞ն մեծ թիւով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի ըլլան, Նոր տարուան շնորհաւորանքներ Պէյրութէն արտասահման եւ արտասահմանէն Պէյրութ:

– Եւ 2012-ի յունուարի 1-ին ինչքա՞ն մեծ քանակութեամբ ուտեստեղէն աղբամանին մէջ պիտի թափուին, ալքոլի աւելցուքներ ու իրենց շիշերը, սիկառի մոխիրն ու մոխրամանը, նուէրներու գեղեցիկ, բայց պատռտած տուփերն ու թուղթերը բաժին պիտի ելլեն անյագ աղբամաններուն, դանայեան տակառներուն:

Այո՛, Նոր տարուան գիշերը պիտի ըլլան անօթի երեխաներ ու յղփացած անհատներ:

Պիտի ըլլան ճրագը մարած տուներ ու մինչեւ լոյս ջահերը վառած հայու բնակարաններ:

Պիտի ըլլան դրացիին զաւկին կոտրած պուպրիկով խաղացող աղջնակը, առանց անիւի ինքնաշարժով ուրախացող տղեկը, եւ միաժամանակ պուպրիկներու պալատ եւ հեռամուղ ինքնաշարժներ ունեցող երեխաները:

Պիտի ըլլան գեղեցիկ հագուստ ունենալու երազը ապրող հայ աղջիկներ եւ երփներանգ ու վերջին նորոյթի հագուստներով «պայթող» պահարաններ:

Պիտի ըլլան օրնիբուն անձրեւին տակ գործի գացող երեխաներ, թշուառութեան պատճառով դպրոցէ զրկուած, սակայն պայծառամիտ մանուկներ, ու միաժամանակ պիտի ըլլան հարստութեան մէջ լողացող, ուսանելու ամէն կարելիութիւն ունեցող, սակայն անուս երեխաներ:

Ու դեռ պիտի ըլլան օժանդակութիւն ստանալու համար ձեռք երկարող անհատներ: Դեղ, կրթաթոշակ, ուտելիք, առօրեայ կենցաղային կարիքներ ապահովելու դրամ խնդրող մայրեր ու հայրեր: Ու պիտի ըլլան, կան, օժանդակութիւն տուող անհատներ: Կան նաեւ դժբախտաբար իրենց գրասենեակին կամ տան դուռը փակելէ առաջ իրենց խիղճը խեղդած անհատներ:

Դէմ չենք բոլոր անոնց, որոնք կեանքի բարենպաստ պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Կը մաղթենք, որ աւելիով կարենան ուրախ ապրիլ ու վայելել կեանքն ու անոր հաճոյքները:

Ոչ ալ տօնական այս օրերուն տխրութիւն կ՛ուզենք տարածել մեր չորս դին:

Պարզապէս պատկերներ, իրական պատկերներ ուզեցինք հրամցնել:

Ու յիշեցնել, որ տօնը անձնական ուրախութիւնը կը բազմապատկէ, երբ իրեն կը միացնէ նաեւ ուրիշին ուրախութիւնը:

Տօնը տօն է, երբ իմ հագուստիս հետ կարենամ ծածկել մէկ այլ հայու մարմինը եւս:

Տօնը տօն է, երբ իմ սեղանիս հետ, հեռաւոր թաղի մը խոնաւ մէկ տան մէջ նոյն ատեն սեղան մը եւս կը բանամ:

Տօնը ուրախութիւն է եւ յարատեւ տօն, երբ իմ երեխաս ու թաղի չքաւոր երեխան միաժամանակ իրենց նուէրները կը ստանան:

Տօնը ուրախութիւն է, երբ կու տաս քու ունեցածէդ եւ ոչ թէ աւելցածէն:

Ու երբ կու տաս անաղմուկ, լուռ ու մունջ, հեռու քարոզչութենէ եւ ցուցադրականութենէ, հեռու նկարներէ եւ ծափերէ,

Այն ատեն միայն մենք կ՛ունենանք հայու Նոր տարին, հայու Ս. Ծնունդը: Պարզ, բայց հարուստ իր խորքով, վարակիչ իր հարստութեամբ, վարակիչ` իր արժէքով:

Եկէք, այս տարի փորձենք:

Փորձենք ու յաջողինք մեր սեղաններուն հետ սեղան բանալ չքաւոր հայ ընտանիքներուն: Մեր հայրերուն ու մայրերուն օրհնութիւններուն հետ, արժանանանք նաեւ Ծերանոցի, Ազունիէի կամ առանձին ապրող հայ ծերերու օրհնութեան: Մեր երեխաները երբ խաղան, ուրախութեամբ նոր խաղալիք տեսնենք նուազ կարողութեան տէր հայ մէկ այլ երեխային ձեռքը:

Ու հպարտանանք, որ հզօր համայնք ենք: Հզօր ժողովուրդ ենք:

Հպարտանանք, որ իւրաքանչիւր հայ նեցուկ է իր հայ եղբօր:

Հպարտանանք, որ հայ եկեղեցին, ակումբը, բարեսիրական միութիւնը, բժիշկը, դեղագործը, փաստաբանը, արհեստաւորը, գործատէրը, խանութպանը, դրամատէրը, ուսուցիչը, ուսանողն ու աշակերտը. բոլորս` մէկ ամբողջութիւն ենք:

Այս օրերուն հաւատանք, որ իւրաքանչիւրս բոլորին ենք, ու բոլորով` իւրաքանչիւրին:

Փորձե՛նք:

Վստահաբար իրակա՛ն տօն կ՛ունենանք:

Իրակա՛ն ուրախութիւն կը վայելենք:

Ու կը հպարտանա՛նք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES