«ԷՅ. ԵՈՒ. ՍԻ. Ի.»-Ն ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ 2011-Ի ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Պէյրութի կրթութեան եւ ուսուցման ամերիկեան համալսարանը («Էյ. Եու. Սի. Ի.») պարգեւատրեց 2011-ի Ծովեզերեայ 2-րդ խաղերուն մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրածները:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ համալսարանի կեդրոնին մէջ (Հատաս)` ներկայութեամբ այդ խաղերուն կազմակերպիչներուն, պատասխանատուներուն, համալսարանի մարզական պատասխանատու Շարպել Տըրղամի, այլ հրաւիրեալներու եւ հիւրերու:
Մրցանակաբաշխութենէն բացի յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան տարբեր անձերու, որոնց կարգին մարզական լրագրող Տըրղամի, որ յաջողեցաւ այդ խաղերուն լուրերը հաղորդել տեղական մամուլին:
CATEGORIES Մարզական

