ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՌՄԲԱՐԿՈՒՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻ ԻՐԱՆ

Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջին համաձայն, Բանանց Երեւանի պրազիլցի յառաջապահ Պրունօ Քորիա, որ իր նշանակած 16 կոլով հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ռմբարկուն, շատ հաւանաբար տեղափոխուի Իրան եւ մաս կազմէ Սպահանի:

Կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Sepahannews.com-ի, իրանեան ակումբը շատ մօտ է ֆութպոլիստին հետ պայմանագրութիւն մը կնքելու:

Նշենք, որ Պրունօ Քորիա պրազիլական ակումբէ մը փոխ տրուած էր Բանանցի:

Բանանցի նախագահ Սարգիս Իսրայէլեան այս ուղղութեամբ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Քորիա կը մտածէ մեր կողմէն իրեն ներկայացուած առաջարկին մասին: Կը կարծեմ, որ մինչեւ յառաջիկայ 10 յունուար յստակացած կ՛ըլլայ, թէ ան պիտի մնա՞յ մեզի հետ, թէ պիտի միանայ այլ կազմի»:

 

Share this Article
CATEGORIES