ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱՄՈՅԵԱՆ ՃԱՆՉՑՈՒԵՑԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐԸ
Հայկական լրատուական կայքէջեր, որոնց կարգին` PanARMENIAN.Net եւ A1Plus.am, իրենց լուրերը քաղելով Շախտիոր Տոնեցք (Ուքրանիա) ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջէն, կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տը Ֆաքթ» հասարակական-քաղաքական ամսագիրին կողմէ ընտրուած է 2011 տարուան լաւագոյն անձը:
Իր մրցանակը ստանալէ ետք Մխիթարեան ըսած է. «Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք տարին ամբողջութեամբ մեր երկրին ազգային խումբին հաւաքականին կողքին եղան եւ բնականաբար մեզի զօրավիգ կանգնելէ բացի, նաեւ քաջալերեցին մեզի: Մենք ամէն ինչ կը կատարէինք` ուրախութիւն պատճառելու համար մեր համակիրներուն եւ ժողովուրդին»:
Նշենք, որ ան առաջին մարզիկն է, որ այս ամսաթերթին կողմէ կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Նախապէս այս տիտղոսին տիրացած էին նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, խորհրդարանի նախկին նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, գործարարներ Մաքսիմ Յակոբեան, Գագիկ Ծառուկեան եւ Արա Աբրահամեան:
Իսկ «Տը Ֆաքթ Սփորթ» ամսագիրին կողմէ տարուան լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ եւ Եւրոպայի ախոյեան Ռոման Ամոյեան, որ նաեւ ընտրուած էր 2011-ի լաւագոյն մարզիկը` մարզական լրագրողներուն կողմէ:


