ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԲԱԺԱԿԻ 1-16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆ
Երէկ` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Այդ վիճակաձգութեան ընթացքին ճշդուեցան միայն իրարու մրցակից հանդիսացող խումբերը: Մրցումներուն թուականները եւ դաշտերուն վայրերը պիտի ճշդուին յառաջիկային:
Ստորեւ կու տանք վիճակաձգութեան արդիւնքները.
Նըժմէ – Խըյուլ
Մապարրա – Ահտ
Թատամոն Սուր – Իրշատ
Շապապ Սահել – Շապապ Ղազիէ
Ահլի Սայտա – ՀՄՄ
Անսար – Սալամ Սուր
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ
Սաֆա – Թրիփոլի
CATEGORIES Մարզական

