ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011, դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նախաձեռնութեամբ Միքայէլ սրկ. Սարգիսեանի (Դ. Ընծայարան) եւ Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեանի (Գ. Ընծայարան), որոնք իրենց այցելութիւններուն լոյսին տակ ներկայացուցին Կոստանդնուպոլսոյ եւ Իրանի հայութեան վիճակը այսօր:
Տիրացու Միքայէլ 30 օգոստոսէն 18 սեպտեմբեր Պոլիս գտնուած էր: Ան նախ անդրադարձաւ քաղաքին ծագման եւ պատմութեան ընթացքին ունեցած աշխարհա-քաղաքական կարեւորութեան: Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ հոն գտնուող հայ համայնքին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին` ընկերային, մշակութային եւ եկեղեցական մարզերէ ներս: Ան իր տպաւորութիւնները եզրափակեց յայտնելով. «Ճամբորդութիւնս մէջս դրոշմեց այն իրողութիւնը, թէ պոլսահայը նուազ հայ չէ միւս հայ գաղութներու զաւակներէն: Պոլսահայութեան մասին կրնամ անվարան ըսել, թէ անոր գոյատեւումն ու կազմակերպուածութիւնը մեծ հրաշք մըն է»:
Տիրացու Սեբաստիա թեհրանահայ է եւ 20 օգոստոսէն 4 հոկտեմբերին վերջին անգամ Իրան այցելած էր: Ան դպրեվանեցիներուն պարզեց իրանահայութեան ներկայ վիճակը` կրօնական, ընկերա-մշակութային եւ հայապահպանման ոլորտները լուսարձակի տակ բերելով: «Շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ երեք թեմակալ առաջնորդներ ունի Իրանի մէջ, իրանահայութիւնը, հակառակ իր թուաքանակի նուազման` կը շարունակէ մնալ աշխուժ հայ համայնք մը», ըսաւ ան:
Ապա սաներ հարցումներ ուղղեցին իրենց դասախօս երկու աւագ եղբայրներուն եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ:
Դասախօսութեան աւարտին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան տեսչութեան անունով գնահատեց երկու սարկաւագները: Ան նաեւ պոլսահայութեան ու իրանահայութեան մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, եւ իր խօսքը փակեց հրաւիրելով դպրեվանեցիները` աղօթելու Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ Բ. պատրիարք Մութաֆեանի ապաքինման համար:
Դպրեվանքի իրիկնային աղօթքով եւ Մեսրոպ պատրիարքի առողջութեան համար երգուած «Տէր ողորմեա»-ով աւարտեցաւ այս շահեկան պահը:

