ԺԱՆՍԵՄ` ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

1977, ամառ, Իսի-Լէ-Մուլինօ, Փարիզ:

Իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող` Փարիզ մեկնած էի ուսումնասիրելու ժամանակակից արուեստը եւ մասնաւորաբար` ֆրանսահայ կերպարուեստը: Բնականաբար պէտք է հանդիպէի նաեւ Ժանսեմին: Զաւէն Եկաւեանի դասաւորումով, յաջորդ օրն իսկ մեկնեցայ Իսի-Լէ-Մուլոյի իր բնակարանը, որուն կից ունէր համեմատաբար ընդարձակ արուեստանոց մը:

Ժանսեմ ընդունեց զիս բարեհամբոյր ժպիտով մը` հարազատի նման: Ձեռքը ուսիս դնելով` առաջնորդեց դէպի հանդիպակած անկիւնը զետեղուած բազմոցը: Ընթացքին, երբ կը դիտէի ձախին շարուած անոր դիմանկարներու հաւաքածոն, նշմարեցի, թէ նկարակալի կողքին կանգնած է մօրէ մերկ բնորդուհին` ձեռքին շղարշ մը, սպասման վիճակի մէջ: Ժանսեմ, ինչ որ բան շշնջաց անոր ականջին: Մենք տեղաւորուեցանք բազմոցին, իսկ բնորդուհին նստաւ ճի՛շդ մեր դիմացը` գետին, ձեռքի շղարշը զիստերուն վրայ դնելէ ետք կտոր մը տուրմ հանեց (չգիտցայ ուրկէ եւ ինչպէս) ու սկսաւ ուտել` դանդաղ, սակայն կշռոյթաւոր: Մինչ կը փորձէի բնական կերպով ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը, Ժանսեմ նշմարեց, թէ հրապուրուած եմ բնորդուհիին մերկութեամբ ու անմիջապէս դիտել տուաւ, թէ այս բնորդուհին ուսանողուհի է, այս գործը կ՛ընէ պարզապէս ուսման վարձքն ու կեցութիւնը ապահովելու համար, եւ կիրթ ու բարոյականի տէր աղջիկ է:

Թէեւ կը զգայի եւ գիտէի այս բոլորը, սակայն երկու բան կը խանգարէր զիս, մէկը բնորդուհիի յաւելեալ գրաւչութիւնն էր (նկատի առէք, որ տակաւին երեսուն տարեկան իսկ չէի) իսկ միւսը այն հանգամանքը, որ բնորդուհիին կենսայորդ թարմութիւնը խոտոր կը համեմատէր, նկարակալին վրայ պատկերուած կերպարին, որ փաստօրէն կեանքէն զարնուած տագնապահար տառապեալ մըն էր:

Մեր խօսակցութիւնը սկսաւ Հայաստանէն: Ժանսեմ հետաքրքրուած էր հայրենի գեղարուեստական կեանքի վիճակով, իսկ ես կը խօսէի եւ բացատրութիւններ կու տայի արուեստագէտներու, ցուցահանդէսներու, նկարիչներու միութեան եւ ժամանակակից կերպարուեստի թանգարանին մասին, եւ իմ կամքէս անկախ հայեացքս պարբերաբար կ՛ուղղուէր դէպի բնորդուհին, որ այս ընթացքին թեթեւ ժպիտ մըն ալ շնորհէր ինծի…: Ժանսեմ նշմարեց այս բոլորը եւ այս անգամ քիչ մը խիստ, բայց համոզիչ ձայնով մը ըսաւ.

– Այս աղջիկը պոռնիկ չէ, քիչ յետոյ իր նշանածը պիտի գայ ու զինք համալսարան տանի…:

– Գիտեմ, ըսի, ես վարժ եմ բնորդուհիներու ներկայութեան: Ես ալ գեղանկարչական դասերու կը հետեւիմ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, ուր գեղեցիկ եւ արհեստավարժ բնորդուհիներ կան,  եւ որոնց բարոյականութիւնը չես կրնար կասկածի տակ դնել, սակայն այս մէկը ուրիշ է: Այնուհետեւ զիս աւելի հետաքրքրողը այն է, թէ ինչո՞ւ այս երիտասարդ ու կեանքով լի պարմանուին իր էութեամբ խոտոր կը համեմատի քու ցուցաբերած կին կերպարներուդ, յատկապէս այս վերջինին, որ տակաւին նկարակալին վրայ է եւ կիսաւարտ: Ինչո՞ւ այս մէկը ու նաեւ միւսները տագնապահար են ու տառապողներ…: Կարծէք, թէ ան հոգեպէս հանգստացաւ ու մեր խօսակցութիւնը ինկաւ ճի՛շդ հունի վրայ: Ապա ան բացատրեց.

– Տառապանքը իմ մէջ է, այդ ես եմ տառապեալը, եւ ոչ թէ ինք: Եթէ ես զինք պատկերէի, ապա կը նախընտրէին լուսանկարել, ինչպէս դուն կ՛ընես հիմա: Իր միջոցով ինքզինքս է, որ կ՛արտայայտեմ:

– Իսկ ձեր տառապանքը Եղեռնի՞ հետ կ՛առնչուի:

– Այո՛ եւ ո՛չ, ես ծնամ եմ Եղեռնէն ետք, ես փակուած եմ ցեղասպանութեան մէջ եւ բնական է, որ տառապիմ, ինչպէս շատեր, դուն եւս, սակայն ես, աւելի քան` դուն: Իմ տագնապներս եւ տառապանքներս կու գան մանկութենէն, որոնց մասին չեմ խօսիր կամ քիչ կը խօսիմ:

Ես բաւարարուած էի այս հակիրճ բացատրութեամբ: Հանգստացաւ նաեւ Ժանսեմ իմ բաւարարուածութեամբ: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ մենք` ուսանողներս, բնորդուհին կը պատկերէինք, այնպէս, ինչպէս որ կայ: Այդ կը պահանջուէր մեզմէ:

Օրեր առաջ, երբ ներկայ եղայ ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ»-ի անուան երիտասարդական միութեան կազմակերպած Ժանսեմի ցուցահանդէսին «Փլաթինյում թաուըր» ցուցասրահին  մէջ, այս յիշողութիւնները թարմացան մէջս, եւ որովհետեւ ցուցահանդէսը ինչ որ չափով յետահայեաց բնոյթ ունէր, զգացի, որ տառապանքը Ժանսեմի ուղեկցած է իր ողջ ստեղծագործական կեանքին ընթացքին: Եզրակացութիւնս այն եղաւ, որ երբ տառապանքը ընդելուզուած է արուեսագէտին արեան մէջ, եւ երբ արուեստագէտը իրա՛ւ է ու հաշտ իր վրձինի հետ, ապա այդ մէկը տարերայնօրէն կը դրսեւորուի:

Այս առումով առաւելաբար յատկանշական են իր կին կերպարները, ըլլան անոնք լուացարարուհիներ, թափօրներու մասնակցող ուխտաւորուհիներ, պալէ պարուհիներ, թէ ընթացիկ բնորդուհիներ, բոլորն ալ կը տագնապին, կը տառապին, սակայն Ժանսեմի վրձինի տակ անոնք աւելի կը գեղեցկանան (բառին լայն իմաստով) ու աւելի արտայայտիչ կը դառնան: Ժանսեմի գլխաւոր արժանիքներէն մէկը այն է, որ անոր կենսալից ու վաւաշոտ բնորդուհիները անցընելէ ետք իր ստեղծագործական հոգեմտաւոր պրիսմակէն, տագնապելով ու տառապելով հանդերձ կը պահեն նաեւ իրենց էգի հոգին ու գրաւչութիւնը: Այս առումով անոր գործերը դուրս կու գան անձնական ու նոյնիսկ ազգային սահմաններէն եւ կը վերածուին համամարդկային արժէքի:

Թէեւ գիծը գերիշխող է Ժանսեմի ստեղծագործութիւններուն մէջ, սակայն գոյնն ու յատկապէս լոյսը իրենց կենսական նշանակութիւնը ունին ու առանց անոնց Ժանսեմի արուեստը պիտի մնար թերի ու անաւարտ: Եթէ Ժանսեմի ջերմ գունազգացողութիւնը կու գայ ազգային մշակոյթէ ու խառնուածքէ, ահա լոյսի զգացողութիւնը ցեղային բնոյթ ունի ու կը դրսեւորուի տարերայնօրէն, առանց , որ հայը եղած է լուսապաշտ` արեւապաշտ ըլլալէ առաջ:

Այս տաղանդաւոր ստեղծագործողը հասակ առած ու կազմաւորուած է Փարիզի նման հսկայ մշակութային կեդրոնի մը մէջ, ուր արուեստագէտը հնարաւորութիւն ունէր գտնելու իր էութիւնը, յարիր մեծ վարպետներու: Եթէ իբրեւ արտայայտչապաշտ Ժանսեմ ինքզինք հոգեհարազատ կը զգար Սութինի եւ կամ Էնսըրի ստեղծագործական աշխարհներուն մէջ, ապա իր ներշնչման աղբիւրները կը մնան Պրուկէլն ու Ֆրանցիսքօ Կոյան:

Այսօր Ժանսեմ իր ստեղծած ուրոյն արտայայտչաձեւերով ու պատկառելի ստեղծագործական աւանդով, ոչ միայն դարձաւ միջազգային արժէք, այլ նաեւ ներքին ներշնչման աղբիւր է այլ գեղանկարիչներու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES