ՀՄԸՄ-Ի ԱՅՆՃԱՐԻ ՇԵՓՈՐԱԽՈՒՄԲԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՍՏԵՂԾԵՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակը, Արաքս փողոցն ու անոր զուգահեռ գտնուող լայն պողոտան տարբեր մթնոլորտի մէջ էին երէկ` հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը իր նուագած Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան եղանակներով տօնական տրամադրութիւններ սփռեց ամէնուրեք:
Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն միջեւ կայացած համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակէն սկսաւ իր ուղեւորութիւնը` հոն Կաղանդի երգեր նուագելով եւ անցորդներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրաւելով:
Ապա շեփորախումբին անդամները ուղղուեցան Արաքս թաղ եւ կշռութաւոր նուագով տողանցեցին մէկ ծայրէն միւսը` կարգ մը տեղեր կանգ առնելով եւ Ծննդեան երգեր մեկնաբանելով: Անկէ ետք դէպի հրապարակ տանող լայն ճամբէն խումբը շարունակեց իր երթը եւ կրկին հրապարակ հասնելով` ամանորեան երգերով լեցուց շրջապատը: Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին ու ողջունեցին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին անդամները, որոնք գնահատելի նախաձեռնութեամբ մը իրենց օրը յատկացուցին հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի մէջ ուրախ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը երէկ առաւօտեան այլ նախաձեռնութիւններ եւս կատարեց: Շեփորախումբի անդամները Կաղանդ պապուկին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն, նուագեցին ճոխ եւ ամանորեան եղանակներ` մեծ ուրախութիւն սփռելով մանուկներուն ու պատանիներուն սրտերուն մէջ: Անոնք նաեւ նուէրներ բաժնեցին բոլոր աշակերտներուն` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ բարեբեր: Ապա անոնք այցելեցին ՔԱՀԼ` հոն ապաստան գտնողներուն յայտնելով, որ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք իրենց ժամանակը ծերունիներուն տրամադրելու պատրաստ են: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին նաեւ երեք սնտուկ պտուղ, զորս բաժնեցին պատսպարեալներուն:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը երէկ եղաւ Պուրճ Համուտի հարազատ հիւրը, որ եկած էր ճոխացնելու հայկական թաղամասերը, տօնական մթնոլորտը ջերմացնելու եւ ՀՄԸՄ-ական տարազով միութեան անունն ու ներկայութիւնը տիրական դարձնելու:


