«ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԼԱՅՆԱՏԱՐԱԾ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՓԱԽՈՒՍՏ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Զօր. Պինի Կանց

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պինի Կանց «Իսրայէլեան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ուշ կամ կանուխ Կազայի մէջ լայնատարած զինուորական գործողութենէ մը փախուստ չկայ:

Ան նշեց, որ «բանակը պիտի գիտնայ Կազայի հատուածէն պաղեստինեան բոլոր կողմերուն դէմ յարձակողական, խիստ եւ պատշաճ կերպով վարուիլ: Հաւանական գործողութիւնը ծրագրուած գործողութիւն մըն է: Զայն կը գործադրենք շատ արագ կերպով»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ «թաղ առ թաղ կը հետապնդենք Կազայի հատուածէն հրթիռարձակումները: Մենք գիտակից ենք եգիպտական կողմէն մուտք գործող մատակարարումներուն եւ ըստ գնահատականիս, Իսրայէլ պիտի չկարենայ Կազայի հատուածին մէջ Համաս շարժումի շարունակուող եւ աշխուժ սպառնալիքին տակ ապրիլ շարունակել»:

Կանց յայտնեց, որ Կազայի մէջ նախկին գործողութեան ընթացքին իսրայէլեան բանակը «զսպումի մեծ ուժ»-ի տէր դարձած է:

Նշենք, որ Կանց իր պաշտօնի ստանձնումէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով Կազայի վերաբերեալ այսպիսի յայտարարութիւն կը կատարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES