ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ 7 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ Է
Իրանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Եազիտի եօթը տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է: Ան մեղաւոր ճանչցուած է Իրանի անվտանգութիւնը վտանգելու համար:
Իրանեան ընդդիմադիր կայքէջերը կը հաղորդեն, որ նախկին արտաքին գործոց նախարարը հրաժարած է պաշտպան փաստաբաններէն` յայտարարելով, որ դատարանի օրինականութեան չի վստահիր:
Նշենք, որ Իպրահիմ Եազիտի Իրանի ընդդիմութեան ամէնէն յայտնի ղեկավարներէն է: Ան նախապէս եւս ձերբակալուած էր տարբեր պատճառներով, որոնց շարքին` հակակառավարական դաւադրութեան մասնակից ըլլալու մեղադրանքով:
CATEGORIES Միջազգային