ԻՐԱՆԵԱՆ ԾՈՎՈՒԺԸ ԻՐ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐՈՒՆ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐ ՄԸ ՆՇՄԱՐԱԾ Է

Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ իրանեան ծովուժը Հորմուզի նեղուցին մօտ իր ռազմափորձերուն ընթացքին ամերիկեան օդանաւակիր մը նշմարած է:

Իրանեան ռազմափորձերու բանբեր ծովակալ Մահմուտ Մուաւի յայտնած է, որ «մեր հետախուզական օդանաւը ռազմափորձերու տարածքին մէջ ամերիկեան օդանաւակիր մը նշմարած է»:

Ան շեշտած է, որ օդանաւակիրը տեսնուած ու լուսանկարուած է եւ կ՛ենթադրուի, որ օդանաւակիրը «Ճոն Սթեննիսն» է:

Երեքշաբթի օր Իրան սպառնացած էր փակել Հորմուզի նեղուցը քարիւղի արտահանման համար, եթէ միջազգային հանրութեան կողմէ քարիւղի արտահանման պատժամիջոցներ կիրարկուին Թեհրանի դէմ: Ի պատասխան իրանեան սպառնալիքին, Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ամերիկեան 5-րդ նաւատորմիղի հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, որ նեղուցին մէջ նաւագնացութեան խոչընդոտման որեւէ փորձ պիտի կանխարգիլուի:

ԱՖՓ երէկ հաղորդեց, որ Իրան յայտարարած է, որ կը մերժէ ամերիկեան զգուշացումները:

Share this Article
CATEGORIES