ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՕԴՈՒԺԻ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ 35 ՔԻՒՐՏ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը հարուածած է Շըրնաքի շրջանի քրտական գիւղերէն մէկը, որ կը գտնուի Իրաքի սահմանին վրայ: Յարձակումին պատճառով աւելի քան 35 զոհ արձանագրուած է:

Ըստ վարկածներէն մէկուն, սպաննուածները մաքսանենգներ են, որոնք շփոթուած են քիւրտ զինեալներու հետ:

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ թրքական իշխանութիւններուն պայքարը շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր կը շարունակուի: ՔԱԿ-ի անդամները կը պահանջեն քրտական անջատ պետութեան ստեղծումը:

Share this Article
CATEGORIES