ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն «Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վերահաստատեց իր տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ Քայիտայի անդամներ կան: Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական զինուորական գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը նուաճումներ իրագործած է` աւելցնելով, որ ան իր աշխատանքները աւելի եւս պիտի աշխուժացնէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

ՍՈՒՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ մաքսանենգումը հաստատ է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ Պետական շուրան խորհրդատու մարմին է եւ ոչ թէ դատարան: Ան յոյս յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելման որոշումը վաւերացուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ հաշուեքննիչ խորհուրդէն բխած որոշումները փաստած են ելեւմտական իրականութիւնները:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ ընդգծեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Լիբանանի արժանապատուութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ եւ այդ պատճառով ալ ան հարցաքննութեան պէտք է կանչուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին զէնքը արգիլելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն ընդգծեց, որ պետական նշանակումները պէտք է կատարել ըստ որդեգրուած մեքանիզմին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հրաժարականը պահանջեց:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յարմար կը նկատէ գործատէրերուն եւ աշխատաւորներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը քաղաքացիներուն նկատմամբ անտառի օրէնքով կը վարուի:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ պետական հաստատութեանց մէջ կարիքը կայ 50 առ հարիւրի նոր պաշտօնեաներու նշանակումներ կատարելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը մեծ թերացումներ կ՛արձանագրէ լիբանանեան բանտերուն մէջ իր պարտականութիւններուն գծով, ինչպէս նաեւ արդարութեան հաստատումին իմաստով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի հարաւային Լիբանանի պատասխանատու Պասսամ Համմուտ ընդգծեց, որ ինք նախանձախնդիր է Այն Հելուէի կացութիւնը բարելաւելու:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան մաղթեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները լուծեն լիբանանցի ժողովուրդին հարցերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը Լիբանանը կը փրկէ արտաքին ծրագիրներէ:

 

Share this Article
CATEGORIES