ԱՐՑԱԽ. ԱԶԱՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Արա Յարութիւնեան նախանցեալ օր յայտնեց, որ 2012 թուականին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն Ազատ հայրենիք կուսակցութիւնը սեփական թեկնածու պիտի չունենայ: Ան նշեց, որ կուսակցութիւնը սովորաբար իր դիրքորոշումը համագումարով կը յայտնէ, իսկ ատիկա տեղի պիտի ունենայ 2012 թուականին:
Սակայն ան միաժամանակ ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը քննարկելիք նիւթ չունի. եթէ երկրին նախագահ Բակօ Սահակեան առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, ապա իրենք պիտի պաշտպանեն անոր թեկնածութիւնը: Ըստ անոր, ասիկա կուսակցութեան խորհուրդի եւ շարքային կուսակցականներուն կարծիքն է:
CATEGORIES Հայկական

