ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վեհափառը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Ռայի եւ Սֆէյր պատրիարքներուն հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պքերքէ` անձամբ շնորհաւորելու համար շուրջ շաբաթ մը առաջ ընտրուած մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Մարոնիներու պատրիարքին կողքին ներկայ էին նաեւ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր եւ մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ: Իսկ վեհափառին կ՛ընկերանային Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Վեհափառը ջերմօրէն շնորհաւորելով Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ գործակցութեան նոր էջ մը բացուի հայ եւ մարոնի եկեղեցիներուն միջեւ` գործնապէս արտայայտելով եկեղեցւոյ միութիւնը: Պատասխանելով վեհափառին մաղթանքին, Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ մօտէն ծանօթ ըլլալով վեհափառին լայն փորձառութեան միջեկեղեցական գործակցութեան ծիրին մէջ, խորհրդակցութեան ու գործակցութեան լայն հորիզոններ վստահաբար պիտի բացուին երկու եկեղեցիներուն դիմաց:

Ապա երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի վրայ: Անոնք շեշտեցին Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը, պետական կառոյցներու կենսունակութիւնը եւ Լիբանանի միութիւնն ու գերիշխանութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ միասին գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառը այս առիթով լայն ծանօթութիւններ փոխանցեց նորընտիր պատրիարքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական կառոյցին ու անոր առաքելութեան մասին: Նորընտիր պատրիարքը իր կարգին արծարծեց կարգ մը կրօնական ու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող խնդիրներ` իմանալու համար վեհափառին տեսակէտը այդ գծով:

Հանդիպման աւարտին Ռայի պատրիարքը հրաւիրեց վեհափառը ներկայ գտնուելու այսօր, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք իր գահակալութեան արարողութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES