ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան երկրագործութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասանն ու Ռայա Հասանը, որոնց հետ քննարկեց անոնց ստանձնած նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, քննարկուեցան Պեքաայի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգման հարցը եւ երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները:

 

Share this Article
CATEGORIES