ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ 2011-ԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ԱՆՁԵՐԸ
Երէկ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց մարմնամարզի եւ մշակոյթի մարզերու խումբ մը ներկայացուցիչներ:
Ան իր գոհունակութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց հրաւիրուածներուն յաղթանակներուն եւ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար` նշելով, որ ատով անոնք բարձր կը պահեն Արցախի անունն ու պատիւը:
Նախագահը նշեց նաեւ, որ այդ յաջողութիւններուն շնորհիւ Արցախը աշխարհին ճանաչելի կը դառնայ եւ միջազգային հանրութիւնը արժանավայել ձեւով կը ճանչնայ զայն:
Հանդիպումին աւարտին, նախագահ Սահակեան արժէքաւոր նուէրներ եւ նիւթական պարգեւներ յանձնեց 2011-ին բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած անձերուն:
Նշենք, որ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: